Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայ-Ռուս-Ատրպէյճանական Աշխատանքային Խումբը «Յաջողած Է Մերձեցնել Դիրքորոշումները Տարբեր Հարցերու Շուրջ»

Հայ-Ռուս-Ատրպէյճանական Աշխատանքային Խումբը «Յաջողած Է Մերձեցնել Դիրքորոշումները Տարբեր Հարցերու Շուրջ»

by MassisPost

Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ փոխվարչապետներու համանախագահութեամբ գործող եռակողմ աշխատանքային խումբը յաջողած է մերձեցնել դիրքորոշումները տարբեր հարցերու շուրջ, այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան մամուլի եւ տեղեկատուութեան բաժնի ղեկավար Ալեքսէյ Զայցեւը:

«Յունիս 3-ին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած եռակողմ աշխատանքային խումբի 10-րդ հանդիպման ընթացքին, ինչպէս նաեւ փեթերպուրկեան միջազգային համաժողովի շրջանակին մէջ շփումներու ընթացքին որոշակի յառաջընթաց արձանագրուած է, յաջողած են մօտեցնել կողմերու դիրքորոշումները ճանապարհային հաղորդակցութիւններու բացման տարբեր հարցերուն շուրջ», յայտնած է ռուս պաշտօնեան` առանց յստակացնելու, թէ յատկապէս որ հարցերուն շուրջ կողմերը ընդհանուր յայտարարի եկած են:

Ան նշած է, որ աշխատանքային խումբի համանախագահները իրենք պիտի տրամադրեն համապատասխան տեղեկատուութիւնը:

Անցեալ ամիս տեղի ունեցած հանդիպումէն յետոյ Մոսկուան յայտարարած էր, որ կողմերը մերձեցուցած են մօտեցումները Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի տարածքներով մայրուղիներու եւ երկաթուղային ճանապարհներու սահմանային, մաքսային եւ հսկողութեան այլ տեսակներու հարցերուն շուրջ: Ըստ Հայաստանի կառավարութեան, կողմերը յստակացուցած են մօտեցումները այդ հարցերուն շուրջ: Թէ որո՞նք են այդ մօտեցումները, Երեւանը չէր նշած:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment