Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Գերագոյն Շտաբի Պետը` Պաշտպանութեան Առաջին Փոխնախարար․ ԱԺ-ն Առաջին Ընթերցմամբ Ընդունեց Նախագիծը

Գերագոյն Շտաբի Պետը` Պաշտպանութեան Առաջին Փոխնախարար․ ԱԺ-ն Առաջին Ընթերցմամբ Ընդունեց Նախագիծը

by MassisPost

Ազգային Ժողովը արտահերթ նիստով, 55 կողմ ձայնով, առաջին ընթերցմամբ, ընդունեց Պաշտպանութեան մասին օրէնքին մէջ կառավարութեան առաջարկած փոփոխութիւններու փաթեթը:

Նախագիծը Ազգային Ժողովին մէջ ներկայացուց պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը:

«Սա դասեր քաղելու նախագծերի փաթեթ է, որովհետեւ մենք դառը փորձ ունենք, կեանքը ցոյց է տուել, որ շատ հարցերում մենք, թերացումների պատճառով, մեր խնդիրները չենք կարողացել լուծել: Խնդիրն ամենեւին անձերի մէջ չէ, խնդիրը համկարգային է, եւ սա այն ճանապարհն է, որի միջոցով մենք փորձելու ենք համակարգային փոփոխութիւնների գնալ եւ համակարգը դարձնել աւելի սահուն եւ ղեկավարման օղակը դարձնել վերից վար», նախքան քուէարկութիւնը ըսաւ նախարարը:

Անդրադառնալով քննադատութեան, թէ սա Զինուած Ուժերը նախարարին ենթարկելու փորձ է, Պապիկեան հակադարձեց` ոչ թէ փորձ է, այլ յստակ քայլ է` «զինուած ուժերը պէտք է ենթարկուեն պաշտպանութեան նախարարին եւ գերագոյն հրամանատարին»:

Ընդդիմադիր «Հայաստան» եւ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութիւնները չմասնակցեցան ո՛չ նիստին, ո՛չ քուէարկութեան: Պապիկեան ըսաւ, որ ընդդիմադիրներու առարկայական առաջարկները չէր մերժեր, իսկ «պատատակերուն եւ թաքուն քննադատութիւնները պիտի չընդունի ի գիտութիւն»:

Վարչապետ Փաշինեանի կառավարութիւնը Զինուած Ուժերու Գլխաւոր Շտաբի պետը, որ Սահմանադրութեամբ զինուորական ամենաբարձր պաշտօնեան է, փոփոխութեամբ կը դարձնէ պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ, բայց ան պիտի չըլլայ նախարարը փոխարինող անձ:

Զինուած Ուժերու Գլխաւոր Շտաբի վերջին պետը Արտակ Դաւթեանն էր, ան ազատուած է պաշտօնէն այս տարուայ Փետրուարին: Անկէ ետք Գլխաւոր Շտաբի պետի պաշտօնակատար դարձած է առաջին տեղակալ Կամօ Քոչունցը, որ հիմա ալ կը շարունակէ պաշտօնավարել:

Անկէ մէկ տարի առաջ ալ Գլխաւոր Շտաբի պետ Օնիկ Գասպարեանը պաշտօնանկ եղած էր, երբ ան եւ եւս 40 բարձրաստիճան զինուորականներ պահանջած էին վարչապետին հրաժարականը: Նիկոլ Փաշինեանը այն ժամանակ սա ռազմական յեղաշրջման փորձ համարած էր:

Գլխաւոր Շտաբի պետի պաշտօնը յետպատերազմական Հայաստանի մէջ թափուր է արդէն հինգ ամիսէ: Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան կ’ըսէր, որ նոր պետ պիտի նշանակուի միայն օրէնքի փոփոխութենէն յետոյ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment