Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Աննախադէպ Աւելցած Են Օտարերկրեայ Պետութիւններու Մէջ Բնակող Հայերու Դիմումները ՀՀ Քաղաքացիութիւն Ստանալու Համար. Ոստիկանութիւն

Աննախադէպ Աւելցած Են Օտարերկրեայ Պետութիւններու Մէջ Բնակող Հայերու Դիմումները ՀՀ Քաղաքացիութիւն Ստանալու Համար. Ոստիկանութիւն

by MassisPost

ՀՀ ոստիկանութիւնը յայտարարութիւն տարածած է, որուն մէջ կը նշուի, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութեան Անձնագրային եւ Վիզաներու Վարչութիւնը եւ Տարածքային Անձնագրային Ծառայութիւնները կ’աշխատին գերծանրաբեռնուած կարգով, ինչ որ պայմանաւորուած է շարք մըմ գործօններու միաժամանակեայ առկայութեամբ:

«Տեղեկացնում ենք, որ հիմնականում ամրան ամիսներին, եղանակային առանձնայատկութիւններով պայմանաւորուած, կտրուկ մեծանում է անձնագիր ստանալու կամ փոխանակելու համար դիմողների քանակը: Մասնաւորապէս, աճում են ինչպէս մեր հայրենակիցների կողմից հանգստանալու նպատակով արտերկիր մեկնելու համար անձնագիր ձեռք բերելու, դրանում օտարերկրեայ պետութիւններում վաւերականութեան նշում կատարելու համար դիմելու դէպքերը, այնպէս էլ օտարերկրեայ պետութիւններից Հայաստան ժամանած ՀՀ քաղաքացիների կողմից անձնագիր ստանալու կամ փոխանակելու դիմումները:

Սակայն 2022 թուականն էապէս տարբերւում է նախկին տարիներից, քանի որ աննախադէպ աւելացել են օտարերկրեայ պետութիւններում բնակուող մեր հայրենակիցների ՀՀ քաղաքացիութիւն ստանալու համար դիմումները: Համեմատութեան համար անհրաժեշտ է նշել, որ եթէ 2021 թուականի Յունուար-Յունիս ամիսներին ՀՀ քաղաքացիութիւն ստանալու դիմումների քանակը կազմել է 3448, ապա 2022 թուականի նոյն ժամանակահատուածի համար այն կազմել է 9917 (մօտ երեք անգամ աւելի):

Անհամեմատ մեծացել են նաեւ ՀՀ քաղաքացու անձնագիր ստանալու (փոխանակելու) համար ներկայացուող դիմումները: Դիմումատուների մեծ քանակ են կազմում օտարերկրեայ պետութիւններում բնակուող ՀՀ քաղաքացիները, որոնք ամրան ընթացքում գտնուելով Հայաստանի Հանրապետութիւնում` դիմում են ՀՀ քաղաքացու անձնագիր ստանալու կամ իրենց ժամկէտանց անձնագրերը փոխանակելու համար», մասնաւորապէս նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Բացի վերը թուարկուածէն, այս տարի աւելցած է նաեւ երկար ժամանակով Հայաստանի մէջ բնակելու եւ աշխատելու նպատակով ՀՀ ժամանող օտարերկրացիներու թիւը, որոնք Հայաստանի մէջ իրենց բնակութիւնը օրինականացնելու, հաշուառուելու, ինչպէս նաեւ հանրային ծառայութիւններու համարանիշ ստանալու նպատակով կը դիմեն Անձնագրային եւ Վիզաներու Վարչութիւն կամ Տարածքային Անձնագրային Ծառայութիւններ` անհրաժեշտ փաստաթուղթերը ձեւակերպելու համար:

Մեծցած են ՀՀ քաղաքացիութիւն եւ ՀՀ քաղաքացիի անձնագիր ստանալու նպատակով օտարերկեայ պետութիւններու մէջ գտնուող ՀՀ դիւանագիտական մարմիններ դիմողներու քանակը, ինչով պայմանաւորուած` դեսպանութիւններուն եւ հիւպատոսական հիմնարկներուն մէջ կը կատարուի քաղաքացիներու ելեկտրոնային հերթագրում:

Կը նշուի, որ դիմելիութեան մեծ աճով պայմանաւորուած` նշուած մարմիններուն մէջ արդէն յառաջիկայ 2-3 ամիսներու համար սպառած է հերթագրուելու հնարաւորութիւնը, ուստի, ինչպէս ՀՀ քաղաքացիութիւն ստանալու, այնպէս ալ անձնագիր ստանալու կամ փոխանակելու համար անձեր կը գերադասեն ժամանել Հայաստանի Հանրապետութիւն` անհրաժեշտ գործողութիւններ կատարելու նպատակով:

Վերը թուարկուած, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ գործօններ, օրինակ` երեխաները դպրոց ընդունելու համար հաշուառումներու իրականացում, հաշուառման եւ հանրային ծառայութիւններու համարանիշ ստանալու տեղեկանքներու տրամադրում եւ այլ հանգամանքներ ՀՀ ոստիկանութեան Անձնագրային եւ վիզաներու վարչութեան եւ տարածքային անձնագրային ծառայութիւններուն մէջ յառաջացուցած են մեծ հերթեր:

Անձնագրային եւ վիզաներու վարչութիւնը իր մարդկային եւ նիւթական միջոցներու շրջանակին մէջ կը ձեռնարկէ բոլոր հնարաւոր միջոցները` ապահովելու դիմումատուներու պատշաճ սպասարկումը եւ օրէնքով սահմանուած ժամկէտերու մէջ ու կարգով գործերու ընթացքը, ինչպէս նաեւ կը քննարկուին որոշ ծառայութիւններ ելեկտրոնային եղանակով մատուցելու հնարաւորութեան հարցերը:

Միեւնոյն ժամանակ Ոստիկանութենէն կը յորդորեն Անձնագրային եւ Վիզաներու Վարչութիւն կամ Տարածքային Անձնագրային Ծառայութիւններ դիմած քաղաքացիներուն` նկարագրուած իրավիճակի պայմաններուն մէջ դրսեւորել քաղաքացիական բարձր պատասխանատուութիւն եւ իրենց գործողութիւններով աւելի չբարդացնել իրավիճակը, մասնաւորապէս. անձնագրային ծառայութիւններում տեղադրուած հերթերը կանոնակարգող սարքաւորումներից չստանալ մէկէ աւելի կտրօններ, ստանալ հերթի կտրօն` միայն իր համար. առանց ծանօթների կամ բարեկամների համար հերթագրուելու, հերթին մէջ դրսեւորել պատշաճ վարքագիծ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment