Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցին 175 Տարեկան Է

Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցին 175 Տարեկան Է

by MassisPost

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՄԱՐԴՈՅԱՆ

Յուլիսի 1-ին Արամ Խաչատուրեան համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «ԱՄՈՒՐ ՊԱՀԵՆՔ ՄԵՐ ՀԱՒԱՏՔԸ»  խորագրով յոբելինական հանդիսութիւն՝ նուիրուած Հայ Աւետարանական եկեղեցիի 175-ամեակին:

Հանդիսութեան ներկայ էին Հայաստանի եւ Արցախի պետական եւ հոգեւոր այրեր, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններ,  միջազգային, հայաստանեան եւ արցախեան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, հիւրեր մարզերէն, արտերկրէն, լրագրողներ:

Այստեղ էին  AMAA-ի  գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեանը, նախագահ Նազարէթ Տարաքճեանը, Հայ Աւետարանական համաշխարհային խորհուրդի եւ Ֆրանսայի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Հովել Միքայէլեանը,  Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միութիւններու նախագահներ, վեր. Ռընէ Լեւոնեանը, Կալվին Սաղրեանը, Փօլ Հայտոսթեանը, Ալպերդ Փայտեանը:

Հանդիսութեան սկիզբը AMAA-ի Հայաստանի մասնաճիւղի մամուլի քարտուղար Անդրանիկ Մարտոյեանը ողջունեց ներկաները եւ առաջարկեց մէկ րոպէ լռութեամբ յարգել 44-օրեայ պատերազմին զոհուածներու յիշատակը:

Ապա բեմ հրաւիրեց AMAA-ի  գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեանը: Շնորհաւորելով   ներկաները յոբելեանի առիթով՝ ան շեշտեց. «…Ոգեկոչելով Հայ Աւետարանական եկեղեցիի 175-ամեակը, փառք կու տանք Աստուծոյ այն լուսաւորումին համար, զոր Եկեղեցին բերաւ հայ ժողովուրդին, ծնունդ առնելով անոր պատմական հայրենիքի ծոցին մէջ, անցնելով Միջին Արեւելք, ապա աշխարհածաւալ հայկական Սփիւռք եւ վերջապէս վերադարձ մոխիրէն յառնած նորանկախ հայրենիք….»:

Այնուհետեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմածնի արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Նաթան արք. Յովհաննէսեան  փոխանցեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Երկրորդի շնորհաւորական խօսքը, ուր մասնաւորապէս  ըսուած էր. «….Գոհունակութեամբ ենք անդրադառնում, որ Հայ Աւետարանական եկեղեցիի նոր ղեկավարութեան հետ ներկայիս ձեւաւորուել են բարի յարաբերութիւններ, որոնք արդիւնաւորւում են գործակցային սերտ շփումներով: Այսօր պարտք ունենք՝ մեր ժողովրդի զաւակներին, յատկապէս մեր երկրի համար առկայ ծանր պայմաններում անկախ իրենց դաւանական տարբերութիւններից, քաջալերել եւ խրախուսել ամենայն նուիրումով ներդրում բերելու՝ հայրենիքը դժուարին իրավիճակից դուրս հանելու, նեղութիւնները յաղթահարելու եւ միասնաբար մեր ապահով ու լուսաւոր գալիքը կերտելու համար»:

Ներկաները դիտեցին նաեւ Հայ Աւետարանական  համաշխարհային խորհուրդի անդամներուն շնորհաւորական ուղերձները:

Հանդիսավար Անդրանիկ Մարտոյեան ընթերցեց հատուած՝ Սահակ Բ. Պատրիարք Հայոց Թուրքիոյ շնորհաւորական նամակէն հատուած մը:

Ելոյթներէն յետոյ տեղի ունեցաւ համերգ, որուն  կը մասնակցէին Հայաստանի պետական քամերային նուագախումբը (գեղ. ղեկավար եւ գլխաւոր դիրիժոր՝ Վահան Մարտիրոսեան), Երեւանի պետական քամերային երգչախումբը (գեղ. ղեկավար ու գլխավոր խմբավար՝ Քրիստինա Ոսկանեան), Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի` Ղազարոս Սարեանի անուան օփերային ստուդիայի  «Կոմիտաս»  երգչախումբը (խմբավար՝ Գայեանէ Սահակեան): Երգացանկը  աւելի քան յագեցած էր ու յաւուր պատշաճի: Հնչեցին Կոմիտասի, Առնօ Բաբաջանեանի, Արմէն Սմբատեանի ստեղծագործութիւններէն, հոգեւոր երգեր: Երաժշտախումբերու ելոյթները կը ղեկավարէր դիրիժոր, գործիքաւորող դոկտ. Վարդան Ակոբեանը՝ Լիբանանէն: Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ Արմենակ Միսիրեանի «Աղօթք Տէրունական»-ով եւ Հայ Աւետարանական համաշխարհային խորհրդի նախագահ վեր.  Հովել Միքայէլեանի օրհնութեան աղօթքով:

Հանդիսութեան սկիզբը եւ աւարտին հիւրերուն բաժանուեցան ՅՈԲԵԼԻՆԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՆ ՅՈՒՇԱՄԱՏԵԱՆԸ եւ Հայ աւետարանականններուն վերաբերող գիրքեր:

Հանդիսութեան ժամանակ ցուցադրուեցաւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիի մասին պատմող եռամաս ֆիլմը, ուր ներկայացուած էր կազմակերպութեան հոգեւոր, կրթամշակութային ուղղուածութիւնն ու  բարեսիրական առաքելութիւնը: Ներկաներու ուշադրութիւնը հրաւիրուեցաւ մասնաւորապէս այն փաստին վրայ, որ Առաջին համաշխարհային պատերազմէն առաջ Օսմանեան կայսրությեան մէջ, Արեւմտեան Հայաստանի մէջ եւ Կիլիկիայի մէջ գործած են 137 կազմակերպուած Աւետարանական եկեղեցիներ, եղած է 82 ձեռնադրեալ հովիւ, 97 քարոզիչ, եկեղեցիի 14 հազար հաղորդական անդամ, 270 կիրակնօրեայ դպրոց, 7 քոլէճ, 46 բարձրագոյն վարժարան, 3 աստուածաբանական ճեմարան:

Ցեղասպանութենէն փրկուած 14-15 հազար հայ աւետարանականներ գաղթեր են  Եւրոպա, Ամերիկա, Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներ, ուր եւ հիմներ են Հայ Աւետարանական եկեղեցիներ ու Աւետարանական միութիւններ եւ շարունակեր են  ազգանպաստ ծառայութիւնը  հայոց հոգեւոր, կրթամշակութային եւ հասարակական կեանքի այլ ոլորտներու մէջ: Անցած 175 տարիներին Աւետարանականները աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ հիմներ են կրթական  հաստատութիւններ, հրատարակեր բազմաթիւ պարբերականներ, ծաւալեր բարեսիրական ծառայութիւններ: 1994-ի յուլիսի 1-էն Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցին ՀՀ-ի մէջ պաշտոնապէս գործելու իրաւունք ստացաւ եւ ձեռք բերաւ իրաւաբանական անձի կարգավիճակ:

Այսօր Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցին Հայաստանի մէջ ունի 11 հոգիներէ բաղկացած հոգեւոր խորհուրդ, որ կը ղեկավարէ եկեղեցիի  ընդհանուր ծառայութիւնները: Հայաստանի եւ Արցախի մէջ կայ 23 եկեղեցի, 14 ձեռնադրեալ հոգեւոր հովիւ, 9 արտօնեալ քարոզիչ եւ հովիւի 5 օգնական:

Ի դէպ, այս օրերուն Հայ Աւետարանական համաշխարհային խորհուրդը, Հայ Աւետարանական եկեղեցին, AMAA-ը բազմաթիւ շնորհաւորական նամակներ ստացեր են աշխարհի, Հայաստանի, Արցախի պետական եւ հոգեւոր կառոյցներու, կազմակերպութիւններու, կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներէ, որոնք իրենց բարեմաղթանքները կը յղեն Հայ. Աւետ. եկեղեցիի 175-ամեայ հայանպաստ գործունէութեան առիթով եւ յոյս կը յայտնեն, որ այսուհետեւ ալ  իր վաստակով ու փորձառութեամբ հարստացած  Հայ Աւետ. եկեղեցին կը շարունակէ ծառայել հայ ժողովուրդի հոգեւոր վերածնունդի  սուրբ գործին:

* Անդրանիկ Մարդոյանը AMAA-ի Հայաստանի Մասնաճյուղի մամուլի բաժինի քարտուղարն է (Արեւելահայերէնէ Արեւմտահայերէնի վերածեց Յակոբ Միքայելեան)

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment