Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ձերբակալուած Է ՀՀ Զինուած Ուժերու Հրթիռային Զօրքերու Եւ Հրետանիի Նախկին Պետը

Ձերբակալուած Է ՀՀ Զինուած Ուժերու Հրթիռային Զօրքերու Եւ Հրետանիի Նախկին Պետը

by MassisPost

Ձերբակալուած է ՀՀ Զինուած Ուժերու հրթիռային զօրքերու եւ հրետանիի նախկին պետ-վարչութեան պետ, զօրավար-սպայ Արմէն Յարութիւնեանը: Այս մասին տեղեկացուցած է Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը (ԱԱԾ):

Ըստ ծառայութեան, Յարութիւնեանը «օժանդակելով մատակարար ընկերութեան տնօրէնին եւ սեփականատիրոջը, […] թաքցրել են մատակարարուած գոյքի մարտավարատեխնիկական բնութագրին չհամապատասխանելու փաստը, Պաշտպանութեան Նախարարութեանն են մատակարարել ընդհանուր 523 միլիոն 89 հազար դրամին համարժէք 1 միլիոն 83 հազար տոլարի չեխական արտադրութեան մէկ այլ տեսակի հրանօթի կրակոցներ, որոնք իրենց մարտավարական եւ տեխնիկական յատկանիշներով էապէս զիջել են այն հրանօթի կրակոցներին, որոնց համար դրանք մատակարարուել են»:

ԱԱԾ-ն կը նշէ, որ ձեռք բերուած տուեալ խմբաքանակի կրակոցները կիրառուած են նաեւ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին, սակայն մարտավարական եւ տեխնիկական յատկանիշներով իրական կրակոցներուն զիջելու հետեւանքով` հնարաւոր չէ եղած լուծել մարտական խնդիրները:

Նոյն գործի ծիրին մէջ մեղադրանք առաջադրուած է նաեւ մատակարար ընկերութեան տնօրէնին եւ սեփականատիրոջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment