Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Լեռնային Ղարաբաղի Հիմնախնդիրը Կը Շարունակէ Գոյութիւն Ունենալ. Միրզոյեանը` Ալիեւին

Լեռնային Ղարաբաղի Հիմնախնդիրը Կը Շարունակէ Գոյութիւն Ունենալ. Միրզոյեանը` Ալիեւին

by MassisPost

Ինչ յայտարարութիւններ ալ հնչեն, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը կը շարունակէ գոյութիւն ունենալ, քանի դեռ չեն հասցէագրուած Արցախի հայերու անվտանգութեան եւ բոլոր իրաւունքներու պաշտպանութեան բաւարար երաշխիքներուն եւ անկէ բխող Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի խնդիրները, ըսած է ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը` արձագանգելով Ատրպէյճանի նախագահի յայտարարութիւններուն, թէ Հայաստանը անկեղծ չէ խաղաղութեան հասնելու գործընթացին մէջ:

Միրզոյեան շեշտած է, որ կառավարութիւնը բազմիցս ապացուցած է իր պատրաստակամութիւնը` ջանքեր գործադրելու Հարաւային Կովկասի մէջ երկարատեւ կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ, միաժամանակ, յաւելած է, որ այս ջանքերը չեն կրնար ըլլալ միակողմանի, եւ Ատրպէյճանը նոյնպէս պէտք է գործուն եւ անկեղծ քայլերու ձեռնարկէ այս ուղղութեամբ:

«Այս ծիրին մէջ պաշտօնական Պաքուէն հնչող յայտարարութիւնները` Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի լուծուած լինելու մասին, առնուազն չեն հասկացւում կամ աւելին` տեղիք են տալիս կասկածի տակ դնելու Ատրպէյճանի իշխանութիւնների` խաղաղութեան հասնելու մտադրութեան անկեղծութիւնը», յաւելած է արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը:

Ըստ անոր` պնդումը, թէ ուժի կիրառման հետեւանքով այլեւս չկայ նոյնիսկ Լեռնային Ղարաբաղ, եւս չի խօսիր Ատրպէյճանի կառուցողականութեան մասին:

Ինչ կը վերաբերի ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ձեւաչափի գոյութիւն չունենալու վերաբերեալ Ատրպէյճանի իշխանութիւններու յայտարարութիւններուն, Արարատ Միրզոյեան ընդգծած է, որ ոեւէ մէկը չէ կասեցուցած եւ առանց զայն սահմանող միջազգային հիմնարկի համապատասխան որոշման չի ալ կրնար կասեցնել համանախագահութեան միջազգային մանտաթը, «այն է` նպաստել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան քաղաքական կարգաւորման»:

«Այդ պարագայում անհասկանալի է, որ եթէ կողմերն իսկապէս ցանկութիւն ունեն անկեղծօրէն բանակցել եւ փոխադարձ ընդունելի լուծումներ գտնել, կայուն եւ համապարփակ խաղաղութեան հասնել, ապա ինչո՞ւ այդ բանակցութիւնները չպէտք է տեղի ունենան հէնց ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի համանախագահութեան ձեւաչափում», ըսած է ան:

Իլհամ Ալիեւը նաեւ պնդած է, որ հայկական կողմը կը ձգձգէ տարածաշրջանի ապաշրջափակման գործընթացը:

Արտաքին գործերու նախարարը շեշտել է, որ Հայաստանը ամբողջ ընթացքին քննարկումներուն ներգրաւուած եած է բարեխղճօրէն. «Գործընթացը շատ աւելի սահուն եւ արագ կ’ընթանար, եթէ չլինէին Ատրպէյճանի յայտարարութիւններն արտատարածքային միջանցքի վերաբերեալ, որոնք որեւէ աղերս չունեն ինչպէս 2020-ի Նոյեմբերի 9-ի եռակողմ յայտարարութեամբ, այնպէս էլ յիշատակածս յայտարարութիւններով ստանձնած պարտաւորութիւնների հետ: Ինչ վերաբերում է Ատրպէյճանի կողմից Լաչինի միջանցքի եւ տարածաշրջանի ճանապարհային փոխադրութեան ապաշրջափակման ուղիների նոյնացման ջանքերին, ապա դրանք ակնյայտօրէն չեն կարող ունենալ նոյն կարգավիճակը` առնուազն ելնելով 2020-ի Նոյեմբերի 9-ին ստորագրուած եռակողմ յայտարարութեան դրոյթներից, որոնք յստակ սահմանում են Լաչինի միջանցքի կարգավիճակը»:

Հայաստանը պատրաստ է տարածաշրջանային ապաշրջափակման` երկիրներու ինքնիշխանութեան եւ ճանապարհներու նկատմամբ իրաւազօրութեան պահպանման շուրջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու շրջանակին մէջ, ըսած է նախարար Միրզոյեանը` յաւելելով, որ երկու երկիրներու փոխվարչապետներու` վերջերս Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւնները ընթացած են այս տրամաբանութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment