Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Ընդհանուր Առմամբ, Հաւաքներու, Խօսքի Ազատութեան Իրաւունքները Յարգուած Են Եւ Երաշխաւորուած Է Բարենպաստ Միջավայր. ՀՀ ՄԻՊ

Ընդհանուր Առմամբ, Հաւաքներու, Խօսքի Ազատութեան Իրաւունքները Յարգուած Են Եւ Երաշխաւորուած Է Բարենպաստ Միջավայր. ՀՀ ՄԻՊ

by MassisPost

ՀՀ Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Քրիսթինէ Գրիգորեան տեսաուղերձով հանդէս եկած է ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի 50-րդ նստաշրջանի ծիրին մէջ տեղի ունեցող Խաղաղ հաւաքներու հարցերով յատուկ զեկուցողի հետ քննարկման: ՀՀ ՄԻՊ-ը կը տեղեկացնէ, որ իր ուղերձին մէջ պաշտպան Գրիգորեանը անդրադարձած է Քովիտի համավարակի կանխարգիլման միջոցառումներոգն, ներառեալ արտակարգ իրավիճակի կարգին, ինչպէս նաեւ 2020 թուականի պատերազմին յայտարարուած ռազմական դրութեան եւ անոր յաջորդած 2021 թուականի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն հետեւանքով յառաջացած իրաւունքներուն եւ ազատութիւններուն ուղղուած եզակի մարտահրաւէրներուն:

Քրիսթինէ Գրիգորեանը ընդգծած է, որ չնայած յետպատերազմեան մթնոլորտը քաղաքական եւ ոչ-քաղաքական հաւաքներուն համար ստեղծած է յատուկ միջավայր` հանրային խօսոյթին մէջ ատելութեան խօսքի եւ բեւեռացման ցայտուն գերակայութեամբ` ընդհանուր առմամբ, հաւաքներու, ինչպէս նաեւ խօսքի ազատութեան իրաւունքները յարգուած են եւ երաշխաւորուած է բարենպաստ միջավայր:

Ներկայացնելով ՀՀ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմին կողմէ կատարուող աշխատանքները` պաշտպանը նշած է, որ աշխատակազմը կը շարունակէ իրականացնել բոլոր ցոյցերու եւ հաւաքներու մշտադիտարկում, արագ արձագանգման խումբերը մասնաւոր հարցազրոյցներ կը կատարեն բերման ենթարկուածներու հետ, կ’իրականացուի զանգուածային լրատուութեան միջոցներու եւ ընկերային հարթակներու մշտադիտարկում, ինչպէս նաեւ շուրջօրեայ` 24/7 թէժ գիծը կը տրամադրէ խորհրդատուութիւն եւ աջակցութիւն: Աշխատակազմը կ’արձանագրէ խախտումները, կը բացայայտէ իրաւապահներու վարքագիծի բացերը, կը պահանջէ տրամադրել պարզաբանումներ եւ կը ներկայացնէ առաջարկութիւններ:

Եզրափակելով ելոյթը` պաշտպանը անդրադարձած է արդի մարտահրաւէրներուն, ինչպիսիք են` ամբոխի կառավարման համար նախատեսուած դասընթացքներու բացակայութիւնը, ոստիկանութեան համար անբաւարար ուղղորդումը եւ ոչ-յստակ գործնական ընթացակարգերը, այդ շարքին` ուժի համաչափ կիրառման եւ երկխօսութեան վերաբերեալ, կին ոստիկաններու գրեթէ բացակայութիւնը, հասարակութեան անդամներուն կողմէ կիրառուող ատելութեան հռետորաբանութիւնը, ինչպէս նաեւ հաւաքներու կազմակերպիչներուն մօտ ժողովրդավարական խաղի կանոններու ընկալման բացերը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment