Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ալիեւ Դարձեալ Կը Սպառնէ «Նոր Առճակատմամբ»

Ալիեւ Դարձեալ Կը Սպառնէ «Նոր Առճակատմամբ»

by MassisPost

Եթէ հայկական կողմը շարունակէ բարձրացնել Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը, այդ կրնայ յանգեցնել նոր առճակատման, յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահը` պնդելով, որ կարգավիճակի մասին չխօսելու բանաւոր պայմանաւորուածութիւն կայ, եւ Հայաստանի կառավարութեան կոչ ընելով հրաժարելու Ատրպէյճանին ուղղուած որեւէ տարածքային պահանջէ:

Այս յայտարարութիւնները Ալիեւ կատարած է Պաքուի Համաշխարհային իններորդ համագումարի բացման ժամանակ` վտանգաւոր ու ապակառուցողական համարելով Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակին մասին Հայաստանէն հնչող յայտարարութիւնները:

Ան վերստին պնդած է, որ Ատրպէյճանի կազմին մէջ նման վարչատարածքային միաւոր գոյութիւն չունի. «Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք է գիտակցի սա եւ հրաժարի պատմութիւնը խմբագրելու փորձերէն: Պատմութիւնը արդէն գրուած է, եւ այսպէս ըսած բանաւոր համաձայնութիւն կայացուած է, որ ոչ ոք պիտի չխօսի կարգավիճակի մասին: Ցաւօք, այդ մասին կը խօսուի, ինչ որ կրնայ բերել շատ լուրջ հետեւանքներու: Եթէ Հայաստանը շարունակէ կասկածի տակ դնել Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, ապա Ատրպէյճանը այլ ելք չ’ունենար, քան ընել նոյնը»:

Յիշատակելով Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի պրիւքսէլեան յայտարարութիւնը` Ալիեւը խօսած է Ղարաբաղի հայերու անվտանգութեան եւ իրաւունքներուն մասին` հաւատացնելով, որ անոնք լիովին պաշտպանուած պիտի ըլլան. «Ատրպէյճանը բազմազգ երկիր է, եւ հայ բնակչութիւնը ամենամեծ ցեղային փոքրամասնութիւնը չէ: Այդ պատճառով մեր սահմանադրութիւնը հաւասար իրաւունքներ կ’ապահովէ բոլոր ազգերւն, այդ շարքին՝ Ատրպէյճանի մէջ ապրող հայերուն համար: Ի հարկէ, մենք հոգ պիտի տանինք անոնց իրաւունքներուն եւ անվտանգութեան համար»:

Ատրպէյճանի նախագահը կրկին յայտարարած է, որ Զանգեզուրը պատմական ատրպէյճանական տարածք եղած է, որ սովետական իշխանութիւնները 1920-ին Հայաստանին փոխանցած են: Սպառնացած է, որ եթէ Հայաստանը Ղարաբաղի հայերուն համար կարգավիճակ պահանջէ, ապա Ատրպէյճանն ալ նոյնը պիտի պահանջէ Արեւմտեան Զանգեզուրի ատրպէյճանցիներուն համար:

Պաշտօնական Երեւանը բազմիցս յայտարարած է, որ Ատրպէյճանէն տարածքային պահանջներ չունի, եւ խաղաղութեան բանակցութիւններուն համար առաջարկած է դիտարկել Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակին հարցը: Այնուհանդերձ, Մայիսին Պրիւքսէլի մէջ Փաշինեան-Ալիեւ վերջին բանակցութիւններէն յետոյ Եւրոպական Խորհուրդի նախագահին տարածած յայտարարութեան մէջ կարգավիճակի մասին որեւէ յիշատակում չկար:

Ասոր հակառակ Ատրպէյճանը, անոր խօսքով, կը կատարէ իր պարտաւորութիւնները` ապահովելով Հայաստանի անարգել կապը Ղարաբաղի հետ Լաչինի ճանապարհով. «Զանգեզուրի միջանցքի հարցին շուտափոյթ լուծումը ապագային տարածաշրջանային խաղաղութեան հաստատման հիմնարար տարրերէն է: Եթէ մեզի համար չապահովեն մուտք ու ելքը, ապա շատ դժուար պիտի ըլլայ խօսիլ խաղաղութեան մասին, եւ Հայաստանի հետ համակեցութեան, բարիդրացիական յարաբերութիւններու հաստատման ուղղուած Ատրպէյճանի ջանքերը ապարդիւն պիտի ըլլան»:

Պաշտօնական Երեւանը, սակայն, կը շարունակէ պնդել, որ միջանցքը իրեն համար կարմիր գիծ է, անոր շուրջ որեւէ պայմանաւորուածութիւն չկայ եւ խաղաղութեան պայմանագրի հիմքին պէտք է ըլլայ յարգանքը միմեանց տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ:

Ալիեւը այս անգամ ալ չէ մոռցած անցած 30 տարիներուն ղարաբաղեան կարգաւորմամբ զբաղուած ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը ու վերստին յայտարարած է, որ Ատրպէյճանը լուծած է հակամարտութիւնը եւ այդ կառոյցին կարիքը այլեւս չկայ. «Ես կ’ուզեմ յայտնել մեր դիրքորոշումը` Հայաստանի կամ որեւէ այլ երկրի կողմէ Մինսքի խումբին վերաբերեալ որեւէ շահարկում կը ջղայնացնէ Ատրպէյճանին: Մենք լուծած ենք հակամարտութիւնը, Մինսքի խումբին մշակած Մատրիտեան սկզբունքները իրագործուած են: Հիմա մենք պէտք է մտածենք, թէ ինչպէս կարգաւորել յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ եւ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրենք»:

Ատրպէյճանի նախագահին կանխատեսմամբ, եթէ կողմերը լաւ աշխատին, ապա հնարաւոր պիտի ըլլայ խաղաղութեան պայմանագիրը կնքել մէկ տարուան ընթացքին:

Հակառակ ամբողջ ելոյթի ընթացքին հնչած զգուշացումներուն ու սպառնալիքներուն, ան ընդգծած է, որ Երեւանը ընդունած է ապագայ պայմանագրի համար Պաքուի 5 սկզբունքները, եւ այժմ պէտք է յառաջ երթալ ու գործնական քայլեր կատարել: Աւելին, Ալիեւը տեղեկացուցած է, որ Ատրպէյճանը արդէն ձեւաւորած է խաղաղութեան պայմանագրի յանձնաժողովը եւ նոյնը կ’ակնկալէ Հայաստանէն:

Երեւանը նման յանձնաժողովի մասին պաշտօնապէս ոչինչ յայտնած է: Ալիեւն ալ յանձնաժողովի մասին այլ մանրամասնութիւններ չէ յայտնած:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment