Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետ Փաշինեան Արտեմ Փաթափութեանը Պարգեւատրած Է «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց»ի Շքանշանով

Վարչապետ Փաշինեան Արտեմ Փաթափութեանը Պարգեւատրած Է «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց»ի Շքանշանով

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կառավարութեան մէջ հիւրընկալած է հայազգի անուանի գիտնական, Նոպէլեան մրցանակակիր Արտեմ Փաթափութեանը, որ Հայաստան ժամանած է ՀՀ Տնտեսութեան Նախարարութեան կազմակերպած «Գիտութեան եւ Գործարարութեան Օրեր-2022» միջոցառման ծիրին մէջ:

«Յարգելի պարոն Փաթափութեան, ուրախ եմ Ձեզ տեսնելու եւ ծանօթանալու համար: Ողջունում եմ Ձեր այցը Հայաստանի Հանրապետութիւն:

Երէկ ուշադիր լսեցի Ձեր ելոյթը Երեւանի պետական համալսարանի աւարտական միջոցառման ժամանակ եւ շատ տպաւորուած եմ: Բնականաբար, այն յաջողութիւնները, որոնք Դուք ունէք, կարծում եմ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ ողջ հայ ժողովուրդը սեփականն է համարում: Ի հարկէ, մեզ համար հպարտանալու մեծ առիթ է, որ վերջապէս Նոպէլեան մրցանակակիրների շարքում ունենք նաեւ մեր հայրենակցին:

Ցանկանում եմ շնորհակալութիւն յայտնել նաեւ Ձեր պատրաստակամութեան համար` աջակցելու Հայաստանում գիտութեան, կրթութեան զարգացմանը: Այդ ոլորտում շօշափելի բարեփոխումներ անելը մեր ռազմավարական կարեւոր ուղղութիւններից է եւ կարծում ենք, որ գիտութեան, կրթութեան բարեփոխումներն ունեն ռազմավարական նշանակութիւն ու պէտք է կանխորոշեն մեր երկրի ապագան: Ի հարկէ, մեր հայրենակիցների ներուժն այս գործում ներգրաւելը մեզ համար կարեւոր է, եթէ նման պատրաստակամութիւն կայ:

Կրկին ողջունում եմ Ձեզ, կ’ուզենայի նաեւ Ձեր այցի ընթացքի մասին լսել` ինչպէ՞ս է անցնում, ինչպէ՞ս է Ձեր տրամադրութիւնը եւ ինչպէ՞ս էք անցկացնում ժամանակը Հայաստանում»:

Իր հերթին, Արտեմ Փաթափութեան նշած է.

«Ինծի համար մեծ պատիւ է հանդիպիլ Ձեզի եւ ըլլալ այստեղ: Հիանալի այց ունեցայ, շոյուած եմ այն ընդունելութենէն, որ ցոյց տուիք Դուք եւ կառավարութիւնը, բայց որ ամենակարեւորն է` ազգի կողմէ ընդունելութենէն:

Իմ հանդիպած ուսանողներու աչքերուն ուրախութիւնը իսկապէս ապշեցուցիչ է, եւ կը կարծեմ, նոյնիսկ ԱՄՆ-ն այսպէս չի գնահատեր իր երիտասարդ գիտնականները: Շատ ուրախ պիտի ըլլամ օգնելու որեւէ կերպ, իմ հնարաւորութիւններուս սահմաններուն մէջ: Արդէն հանդիպած եմ բազմաթիւ նախարարներու, կրթութեան եւ գիտութեան ոլորտի ներկայացուցիչներու, նաեւ մարդոց, որոնք բարձր արհեստագիտական ընկերութիւններ հիմնած են:

Համամիտ եմ Ձեր այն մտքին հետ, որ գիտութիւնն ու արհեստագիտութիւնները շատ կարեւոր են Հայաստանի կեանքի յաջորդ փուլին համար` ոչ թէ միայն տնտեսութեան, ռազմական ոլորտի, այլ` բոլոր ուղղութիւններուն:

Այնուհետեւ զրուցակիցները քննարկած են Հայաստանի մէջ գիտութեան եւ կրթութեան ոլորտի խնդիրներուն ու կառավարութեան նախաձեռնած բարեփոխումներուն վերաբերող հարցեր:

Վարչապետը նշած է, որ գործադիրը կը պատրաստուի մինչեւ 2026 թուականը շարունակական աւելցնել գիտութեան ոլորտի ֆինանսաւորումը եւ յաւելած է, որ այն արդէն իսկ աւելցած է 80 տոկոսով: Նիկոլ Փաշինեան առանձնակի կարեւորած է գիտական արտադրանքի արդիւնաւէտութեան բարձրացումն ու բարձրագոյն կրթութեան ոլորտին մէջ հետազօտական աշխատանքին ընդլայնումը:

Կառավարութեան ղեկավարը կարեւորած է Արտեմ Փաթափութեանի դիտարկումները, առաջարկութիւններն ու խորհուրդները` վերը նշուած ուղղութիւններով բարեփոխումները յառաջ մղելու գործին մէջ: Միաժամանակ, վարչապետը ընդգծած է, որ պարոն Փաթափութեանի օրինակը ոգեւորիչ է երիտասարդներուն համար եւ վստահութիւն յայտնած է, որ անոր այցը պիտի ոգեշնչէ զանոնք:

Արտեմ Փաթափութեանը նշած է, որ պատրաստ է իր գիտելիքներով, փորձով ու ներուժով նպաստելու Հայաստանի մէջ գիտութեան եւ կրթութեան զարգացման:

Կենսաբանութեան բնագաւառին մէջ ձեռք բերուած ակնառու նուաճումներուն, բժշկագիտութեան զարգացման գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդին համար, Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Նոպէլեան մրցանակակիր Արտեմ Փաթափութեանը պարգեւատրած է «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment