Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ռազմաուսումնական Հաստատութիւնը Աւարտած Սպաները Պիտի Ստանան 3-Սենեակնոց Բնակարան Երեւանի Մէջ

Ռազմաուսումնական Հաստատութիւնը Աւարտած Սպաները Պիտի Ստանան 3-Սենեակնոց Բնակարան Երեւանի Մէջ

by MassisPost

Հայաստանի մէջ ռազմաուսումնական հաստատութիւնը աւարտողները, անկախ ծառայութեան նշանակման վայրէն, պիտի ստանան 3-սենեակնոց բնակարան Երեւանի մէջ: Այս մասին ըսաւ ՀՀ Ազգային Ժողովի «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Խաչատրեանը Ազգային Ժողովի յայտարարութիւններու ժամուն:

«Մի քանի օր յետոյ ԱԺ կը մտնի համապատասխան օրէնքի նախագիծ, որով սահմանւում է, որ սկսած 2022 թուականի Յուլիսի 1-ից ՀՀ ռազմաուսումնական հաստատութիւններ ընդունուած մեր ապագայ սպայական կազմի ներկայացուցիչների համար պետութիւնն անվարձահատոյց տրամադրելու է 3-սենեականոց բնակարան Երեւան քաղաքում», ըսաւ Խաչատրեանը:

Պատգամաւորը ընդգծեց, որ կապ չունի, թէ սպան որտեղ կը նշանակուի ծառայութեան` Տաւուշի, Սիւնիքի, թէ Վայոց Ձորի մարզին մէջ, ան աւարտելէ յետոյ Երեւանի մէջ պիտի ունենայ 3-սենեակնոց բնակարան: Խաչատրեանը կոչ ըրաւ 18-23 տարեկան երիտասարդներուն՝ դիմելու ռազմաուսումնական հաստատութիւն: Ան այս համարեց վերջին տասնամեակներու ամենամեծ ու նշանակալի բարեփոխումը` սպայական «կորիզը» ձեւաւորելու գործին մէջ:

Համապատասխան նախագիծը հաւանութիւն ստացած էր կառավարութեան Յունիս 2-ի նիստին ընթացքին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment