Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Միրզոյեան Պուլկարիոյ Նախագահին Ներկայացուցած Է Հարաւկովկասեան Տարածաշրջանին Մէջ Տիրող Իրավիճակը

Միրզոյեան Պուլկարիոյ Նախագահին Ներկայացուցած Է Հարաւկովկասեան Տարածաշրջանին Մէջ Տիրող Իրավիճակը

by MassisPost

Պաշտօնական այցով Պուլկարիա գտնուող Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանն հանդիպած է այդ երկրի նախագահ Ռումէն Ռատեւի հետ:

Անոնք քննարկած են տարածաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան հարցեր:

Միրզոյեան ներկայացուցած է հարաւկովկասեան տարածաշրջանին մէջ տիրող իրավիճակը, մասնաւորապէս` Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններուն, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին վերաբերող վերջին զարգացումները:

Երկուստեք շեշտուած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը պէտք է կարգաւորուի բացառապէս խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով: Այս առումով նախարար Միրզոյեան ընդգծած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան դերը` ուղղուած ԼՂ հակամարտութեան տեւական լուծման:

Անդրադառնալով փոխադրութեան ենթակառուցուածքներու ոլորտին մէջ միջազգային համագործակցութեան հեռանկարներուն, անոնք կարեւորած են «Պարսից ծոց-Սեւ ծով» ճանապարհային միջանցքի ստեղծման ուղղութեամբ աշխոյժ աշխատանքներու իրականացումը:

Պուլկարիոյ արտաքին գործերու նախարար Թէոտորա Կենչովսքայի հետ հանդիպման ընթացքին Արարատ Միրզոյեան մտահոգութիւն յայտնած է Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն շարունակական հայատեաց ու ռազմատենչ հռետորաբանութեան, Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ սադրիչ գործողութիւններուն առնչութեամբ, ըսուած է Արտաքին Գործերու Նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Միրզոյեան իր գործընկերոջ ուշադրութիւնը հրաւիրած է նաեւ այն փաստին, որ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կանոններու կոպիտ խախտմամբ Ատրպէյճանը կը շարունակէ պատանդառութեան մէջ պահել հայ ռազմագերիները եւ քաղաքացիական անձեր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment