Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նոպէլեան Մրցանակի Դափնեկիր Արտեմ Փաթափութեան Ընտրուած Է ՀՀ ԳԱԱ Պատուաւոր Անդամ

Նոպէլեան Մրցանակի Դափնեկիր Արտեմ Փաթափութեան Ընտրուած Է ՀՀ ԳԱԱ Պատուաւոր Անդամ

by MassisPost

ՀՀ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի ընդհանուր ժողովի Յունիս 9-ի որոշմամբ` ամերիկահայ ականաւոր գիտնական, Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր, մոլեքուլային կենսաբան եւ նեյրոկենսաբան, փրոֆեսոր Արտեմ Փաթափութեանը ընտրուած է ՀՀ ԳԱԱ պատուաւոր անդամ:

Այս մասին յայտնած են ԳԱԱ-էն, նշելով, որ փրոֆեսոր Փաթափութեանը ունի ակնառու նուաճումներ մոլեքուլային կենսաբանութեան եւ նեարդաբնախօսութեան բնագաւառին մէջ:  2021 թուականին անոր շնորհուած է Նոպէլեան մրցանակ բնախօսութեան եւ բժշկութեան ոլորտին մէջ` ջերմութիւն եւ շօշափելիք ընդունողներու վերաբերեալ յայտնագործութեան համար:

ardem patapotian stamp«Հայփոստ» ընկերութիւնը մարեց եւ շրջանառութեան մէջ դրաւ մէկ նոր նամականիշ` նուիրուած «աշխարհահռչակ հայեր. Արտեմ Փաթափութեան» թեմային:

350 դրամ արժէքով նամականիշին վրայ պատկերուած է յայտնի լիբանանահայ գիտնական, մոլեքուլային կենսաբան Արտեմ Փաթափութեանը, որ 2021 թուականին Նոպէլեան մրցանակի արժանացած է բնախօսութեան եւ բժշկութեան բնագաւառին մէջ` ջերմաստիճան եւ հպում ընդունողներու յայտնաբերման համար: Նամականիշի աջ հատուածին ներկայացուած է Արտեմ Փաթափութեանին շնորհուած Նոպէլեան մրցանակին պատկերը:

Նամականիշի մարման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Յունիս 14-ին Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ:

Նամականիշի մարումը իրականացուցին ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեանը, ՀՀ բարձր արհեստագիտութեան արդիւնաբերութեան նախարարի տեղակալ Դաւիթ Սահակեանը, ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Կարէն Թռչունեանը, ՀՀ տնտեսութեան նախարարի տեղակալ Անի Իսփիրեանը, «Հայփոստ» ընկերութեան գլխաւոր գործադիր տնօրէն Հայկ Կարապետեանը, հայազգի գիտնական Արտեմ Փաթափութեանը եւ ՀՀ Դրոշմահաւաքներու հայկական ընկերակցութեան նախագահ Յովիկ Մուսայէլեանը:

Արայիկ Յարութիւնեանը մեծ պատիւ համարեց Հայաստանի մէջ Արտեմ Փաթափութեանը հիւրընկալելը եւ անոր պատկերով նամականիշ թողարկելը: «Այս օրը յիշարժան կը լինի ոչ միայն ներկաների, այլեւ դրոշմահաւաքների համար, որոնք մեծ սիրով իրենց հաւաքածուներում կը ներառեն այս նամականիշը», նշեց ան:

Դաւիթ Սահակեան ընդգծեց, որ նամականիշի միջոցով կը փափաքին մեծարել Փաթափութեանը եւ անոր օգնութեամբ զայն ճանաչելի դարձնել ու  տեղեկութիւնը տարածել ամբողջ աշխարհին մէջ:

Կարէն Թռչունեանը կը կարծէ, որ Արտեմ Փաթափութեանը կրնայ ոգեւորել  երիտասարդ գիտնականները, որոնք գուցէ ապագային համալրեն գիտութեան նուիրեալներու շարքը:

Հայկ Կարապետեան շեշտեց, որ բոլոր հայերը կը պարծենան Փաթափութեանի նման մարդոցմով: Ան յոյս յայտնեց, որ գիտնականը յառաջիկային գործունէութիւն կը ծաւալէ նաեւ Հայաստանի մէջ եւ իր գիտելիքները կը փոխանցէ Հայաստանի երիտասարդ գիտնականներուն:

«Ես չեմ գիտեր կա՞ն Նոպէլեան մրցանակի արժանացած գիտնականներ, որոնք պատկերուած են նամականիշի վրայ: Կը կարծեմ` անոնք կը նախանձին ինձ: Սա հրաշալի ձեւ է ըսելու, թէ որքան կը կարեւորէք գիտութիւնը, իսկ ինծի համար սա առանձնայատուկ նուէր է, քանի որ փոքր տարիքիս եղբօրս հետ հայկական նամականիշներ կը հաւաքէինք: Երբեք չէի պատկերացներ, որ օր մը իմ պատկերս պիտի տեսնեմ նամականիշի վրայ», բոլոր ելոյթները լսելէ յետոյ ըսաւ Փաթափութեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment