Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Հաւաքականը Պարտուեցաւ Սկովտիոյ Եւ Ուքրանիոյ Դէմ

Հայաստանի Հաւաքականը Պարտուեցաւ Սկովտիոյ Եւ Ուքրանիոյ Դէմ

by MassisPost

Ֆութպոլի Ազգերու Լիկայի B լիգայի առաջին խումբէն ներս հանդէս եկող Հայաստանի հաւաքականը առաջին խաղին Երեւանի մէջ նուազագոյն արդիւնքով յաղթելէ ետք Իրլանտային, կրեց երեք յաջորդական պարտութիւններ:

Լեհաստանի Լոձ քաղաքին մէջ մրցելով  Ուքրանիոյ հաւաքականին հետ Հավյաստան պարտութիւն կրեց 0-3 արդիւնքով:

Առաջին խաղակէսին դարպասի գրաւում չեղաւ: Ընդմիջումէն յետոյ Ուքրանիան զգալի տարածքային առաւելութիւնը (70 տոկոս) կարողացաւ վերածել 3 կոլի:

Յունիս 14ևին Երեւանի ՚Վազգէն Սարգսեանիՙ անուան Հանրապետական մարզադաշտին վրայ Հայաստան հիւրընկալելով Սկովտիոյ Հաւաքականը կրեց ծանր պրտութիւն՝ 1-4 արդիւնքով:

Տիգրան Բասեղեանի 7-րդ վայրկեանին նշանակած կոլէն քիչ ետք հիւրերը հաւասարեցուցին արդիւնքը:

Առաջին կիսախաղի 43-րդ վայրկեանին մրցավարը կոպի խախտումի համար կարմիր քարտ ցոյց տուաւ պաշտպան կամօ Յովհաննիսեանին, որմէ անմիջապէս ետք հիւրերը նշանակեցին իրենց երկրորդ կոլը:

Բ. կիսախաղին Սկովտիոյ հաւաքականը երկու կոլ եւս նշանակեց ու խաղը աւարտեցաւ 1-4 արդիւնքով:

Հայաստան այժմ կը գրաւէ խմբակի վերջին տեղը:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment