Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱԱԾ-ն Բացայայտած Եւ Կանխած Է Պետական Դաւաճանութեան Դէպքեր

ԱԱԾ-ն Բացայայտած Եւ Կանխած Է Պետական Դաւաճանութեան Դէպքեր

by MassisPost

Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը (ԱԱԾ) բացայայտած եւ կանխած է պետական դաւաճանութեան դէպքեր:

Մասնաւորապէս, ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան, ծառայութեան ռազմական հակահետախուզութեան եւ քննչական բաժանմունքներու աշխատակիցներուն ձեռնարկած հետախուզական ու համակցուած քրէադատավարական միջոցառումներու հետեւանքով պարզուած է` «ՀՀ քաղաքացին, ով հանդիսացել է զինծառայող, ընկերային ցանցի միջոցով ծանօթացել է օտարերկրեայ յատուկ ծառայութիւնների ներկայացուցիչների հետ, հաւաքագրուել նրանց կողմից եւ տուել իր համաձայնութիւնը` յատուկ ծառայութիւնների առաջադրանքով հաւաքել, նրանց յանձնել պետական ու ծառայողական գաղտնիք կազմող տեղեկութիւններ»:

Անկէ յետոյ, ԱԱԾ-ի փոխանցմամբ, օտարերկրեայ յատուկ ծառայութիւններուն առաջադրանքով նախկին զինուորը հաւաքած ու վարձատրութեան դիմաց օտարերկրեայ հետախուզական ծառայութեան աշխատակիցին նամակագրութեան միջոցով յանձնած է պետական եւ ծառայողական գաղտնիք կազմող, ռազմական բնոյթի այլ տեղեկութիւն հանդիսացող` իրենց ստորաբաժանման պահպանութեան ներքոյ գտնուող մարտական դիրքի տեղակայման վայրի, մարտական հերթապահութիւն իրականացնող անձնակազմի թուաքանակի, անոնց զինուածութեան, մարտական առաջադրանքի, մարտական հերթապահութիւն իրականացնելու հետ կապուած այլ տուեալներ, ինչպէս նաեւ զօրամասի հրամանատարական կազմի անհատական եւ ծառայողական տուեալները, զօրամասի վաշտի եւ գումարտակի հաստիքացուցակները, զօրամասի մարտական համարը, զօրամասի զրահասարքի վերաբերեալ տուեալները, լուսանկարած եւ ուղարկած է մարտական դիրքի խրամուղիները, դիրքին մօտեցող ճանապարհները, դիրքի տեղակայման տուեալները` «այդ կերպ լրտեսութեան եղանակով կատարելով պետական դաւաճանութիւն` ի վնաս Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային անձեռնմխելիութեան եւ արտաքին անվտանգութեան»:

Բացի անկէ, օտարերկրեայ հետախուզական ծառայութեան առաջադրանքով զինուորը կապ հաստատած է նախկին համածառայակիցի հետ եւ փորձած է յանձնելու նպատակով ձեռք բերել ռազմական բնագաւառին վերաբերող այլ տեղեկութիւններ, որ չէ կրցած է աւարտին հասցնել, քանի որ բռնուած է ԱԱԾ աշխատակիցներուն կողմէ:

Նախկին զինուորը օտարերկրեայ յատուկ ծառայութիւններէն մաս-մաս ստացած, ինչպէս նաեւ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած է հետագային ստանալ ընդհանուր 2800 տոլար եւ 6000 ռուպլի գումար:

Մէկ այլ գործով ալ ապացոյցներու բաւարար համակցութիւն ձեռք բերուած է առ այն, որ ՀՀ քաղաքացի հանդիսացող պայմանագրային զինուորը, ընկերային ցանցերու միջոցով ծանօթութիւն հաստատած է օտարերկրեայ յատուկ ծառայութիւններու աշխատակիցներու հետ եւ հաւաքագրուած է անոնց կողմէ:

Անկէ յետոյ, ԱԱԾ-ի փոխանցմամբ, յիշեալ զինուորը ռազմական բնոյթի տեղեկութիւններ փոխանցելու դիմաց գումար ստանալու նպատակով, հաւաքած եւ բջջային յաւելուածներու միջոցով անոնց փոխանցած է Հայաստանի անվտանգութեան սպառնացող ռազմական բնոյթի պետական գաղտնիք կազմող տեղեկութիւններ հանդիսացող` զօրակոչի, զօրամասի զրահասարքի, փոխադրութեան միջոցներու, զօրամասի պահպանութեան տակ գտնուող մարտական դիրքերու, զօրամասի տեղակայման եւ շէնքերու դասաւորուածութեան, զօրամասի կարգացուցակի եւ այլնի վերաբերեալ տեղեկութիւններ:

Ըստ ԱԱԾ-ի, նշուած գործողութիւններուն համար ան պարբերաբար ստացած է ընդհանուր 900 տոլար գումար, «իսկ պետական դաւաճանութիւն կատարելու հետեւանքով հակառակորդին ընձեռուել է իրական հնարաւորութիւն կատարելու ճշգրիտ հաշուարկներ, տարբեր հատուածներում ընդգրկուած ուժերի եւ միջոցների քանակը, տեղադիրքերը, տեղաբաշխումները»:

Երկու զինուորները ձերբակալուած են եւ տուած են խոստովանական ցուցմունքներ, անոնց նկատմամբ որպէս խափանման միջոց ընտրուած է կալանաւորումը, նշուած է հաղորդագրութեան մէջ

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment