Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստան Պիտի Միանայ ԱՊՀ Պետութիւններու` Ռազմական Նշանակութեան Արբանեակային Կապին

Հայաստան Պիտի Միանայ ԱՊՀ Պետութիւններու` Ռազմական Նշանակութեան Արբանեակային Կապին

by MassisPost

«Ռազմական նշանակութեան արբանեակային կապի համակարգերու օգտագործման եւ անոնց հետագայ կատարելագործման մասին» համաձայնագիրը վաւերացնելու մասին նախագիծը Ազգային Ժողովի նիստին ընթացքին ներկայացուց ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ Արման Սարգսեանը:

«Նախագծի համաձայն` Հայաստանի Հանրապետութիւնը միանում է Ռուսաստանի Դաշնութիւնում 2018 թուականի Յունիսի 6-ին ԱՊՀ մասնակից պետութիւնների պաշտպանութեան նախարարների խորհրդի նիստի ընթացքում ստորագրուած ռազմական նշանակութեան արբանեակային կապի համակարգերի միասնական օգտագործման նախաձեռնութեանը, որի նպատակն է ՌԴ ռազմական նշանակութեան արբանեակային կապի համակարգի հիման վրայ ձեւաւորել ԱՊՀ ռազմական նշանակութեան արբանեակային կապի համարկուած համակարգ» ըսաւ Սարգսեան:

Ռազմական նշանակութեան արբանեակային կապի համակարգերու օգտագործումն ու կատարելագործումը կ’իրականացուին համաձայնագրի մասնակից պետութիւններու Զինուած Ուժերու կառավարման, յուսալիութեան բարձրացման եւ անոնց միջեւ փոխգործակցութեան կապերու կազմակերպման նպատակներով:  Ռուսիոյ Դաշնութեան գործող տիեզերական սարքերու ռեթրանսլեաթորներու թողունակութեան միջոցը համաձայնագրով կը տրամադրուի կողմերուն` ի շահ համաձայնագրի մասնակից պետութիւններու Զինուած Ուժերու կառավարման եւ անոնց Զինուած Ուժերու ռազմական կառավարման մարմիններու փոխգործակցութեան կապերու կազմակերպման:

Հայաստանը համաձայնագրին կը միանայ մէկ վերապահմամբ. այն է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը առանձին որոշում պիտի կայացնէ` համաձայնագրի դրոյթներու տարածման վերաբերեալ այն պետութիւններուն նկատմամբ, որոնք պիտի միանան սոյն համաձայնագրին:

Նախագիծին մէջ կը նշուի, որ համաձայնագրի շրջանակներուն մէջ համագործակցութիւնը հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ ՀՀ Զինուած Ուժերու կարիքներուն համար ռազմական նշանակութեան կապի ժամանակակից տեսակներու, ինչպէս նաեւ արբանեակային կապի համակարգերու ուղեծիրային խմբաւորման օգտագործման:

Համաձայնագիրը ստորագրուած է Հայաստանի, Ռուսիոյ, Պելառուսիոյ, Ղազախստանի, Ղրղզստանի կողմէ, չէ ստորագրուած Ուքրանիոյ, Ուզպեքստանի, Թուրքմէնստանի, Մոլտովայի եւ Ատրպէյճանի կողմէ:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment