Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Հաւաքականը Երեւանի Մէջ Յաղթեց Իրլանտային 1-0

Հայաստանի Հաւաքականը Երեւանի Մէջ Յաղթեց Իրլանտային 1-0

by MassisPost

Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականը Ազգերու Լիկայի B ենթախումբի առաջին խմբակի առաջին հանգրուանին  խաղցաւ Իրլանտայի հաւաքականի հետ:  Վազգէն Սարգսեանի անուան Հանրապետական մարզադաշտին վրայ կայացած խաղի առաջին վայկաներուն նախաձեռնութիւնը ամբողջութեամբ  Իրլանտայի ի նպաստ էր: Հայաստանի ընտրանին երբեմն-երբեմն հակայարձակուներու կը դիմէր:

Խաղի առաջին կէսը աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով։

Armenian-Ireland-3

Երկրորդ խաղակէսի սկզին Հայաստանի հաւաքականը կրկին կը պաշտպանուէր յոյսը դնելով հակայարձակումներու վրայ: 74-րդ վայկանին հեռուէն ճշկրիտ հարուածով աչքի ինկաւ 21-ամեայ Էտուարտ Սպերցեանը:

Խոակին Կապառոսի գլխաւորած խումբը կը փորձէր կրտկնպատկել իր արաւելութիւնը, սակայն չկարողացաւ հասնիլ յաջողութեան:

Այսպիսով  Հայաստան յաղթեց նուազագոյն արդիւնքով:

Ազգերու  Լիկայի  A ենթախուբէն ներս  Հայաստանի ազգային խումբը իր  յաջորդ հանդիպումը կ’ունենայ Ցունիսի 8-ին` հիւրընկալուելով Սկովտիայի հաւաքականին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment