Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Քաղաքական Ընդդիմութեան Կազմակերպած Հաւաքի Ընթացքին Խուլիկանութիւն Կատարելու Գործով Մէկ Անձ Ձերբակալուած Է. Եւս Մէկ Անձի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

Քաղաքական Ընդդիմութեան Կազմակերպած Հաւաքի Ընթացքին Խուլիկանութիւն Կատարելու Գործով Մէկ Անձ Ձերբակալուած Է. Եւս Մէկ Անձի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

by MassisPost

Կը ձեռնարկուին միջոցառումներ` Երեւան քաղաքի Մոլտովական եւ Թոթովենց փողոցներու խաչմերուկին վրայ անհնազանդութեան գործողութեան մասնակիցներուն կողմէ խուլիկանութիւն կատարելու բոլոր հանգամանքները պարզելու ուղղութեամբ:

Ինչպէս կը յայտնեն Քննչական Կոմիտէէն, նախաքննութեամբ պարզուածէ միջադէպին մասնակից անձերու երկուքին ինքնութիւնը, որոնք Երեւան քաղաքի բնակիչներ են: Քննութեամբ պարզուած է, որ 2022-ի Մայիս 17-ին ժամը 10:00-ի սահմաններուն, Երեւան քաղաքի Մոլտովական եւ Թոթովենց փողոցներու խաչմերուկին վրայ տեղի ունեցած հաւաքի ընթացքին վերջիններս, խումբ մը անձերու հետ, անտեսելով նշուած վայրին մէջ ծառայութիւն իրականացնող ոստիկաններու՝ պատշաճ վարքագիծ դրսեւորելու եւ հասարակական կարգը չխախտելու օրինական պահանջները, սեփական անձի առաւելութիւնները ընդգծելու մոլուցքով տարուած, ուղղակի դիտաւորութեամբ կոպիտ կերպով խախտած են հասարակական կարգը. հայհոյած եւ վիրաւորած են պատահական անցորդները, խոչընդոտած եւ արգիլած են  փողոցի երթեւեկելի գօտիով երթեւեկող ինքնաշարժներուն երթեւեկութիւնը` ձեռքերով եւ ոտքերով հարուածելով «Մազտա» մակնիշի ինքնաշարժը, իսկ վերոյիշեալ անձերէն մէկը բռնութիւն գործադրած է դէպքին միջամտած երիտասարդի նկատմամբ` իր ձեռքին գտնուող հեղուկով լի շիշով հարուածելով վերջինիս դէմքին եւ պատճառելով մարմնական վնասուածքներ:

Ձեռք բերուած բաւարար ապացոյցներու համակցութեամբ` մէկ անձի մեղադրանք առաջադրուած է` ՀՀ Քրէական Օրէնսգիրքի 258-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 1-ին կէտով, որպէս խափանման միջոց անոր նկատմամբ կիրառուած է ստորագրութիւն չհեռանալու մասին: Բռնութիւն գործադրած երկրորդ անձը ՀՀ Քրէական Օրէնսգիրքի 258-րդ յօդուածի 4-րդ մասով նախատեսուած յանցագործութիւն կատարելու կասկածանքով ձերբակալուած է:

Նախաքննութիւնը կը շարունակուի:

cente>

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment