Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Տարբեր Ձեւաչափերով Ընթացող Բանակցութիւններուն Մէջ Արցախի Իշխանութիւններուն Վերաբերմունքը Միանշանակ Է. Նախագահի Խօսնակ

Տարբեր Ձեւաչափերով Ընթացող Բանակցութիւններուն Մէջ Արցախի Իշխանութիւններուն Վերաբերմունքը Միանշանակ Է. Նախագահի Խօսնակ

by MassisPost

Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն վերաբերմունքը տարբեր ձեւաչափերով ընթացող բանակցութիւններուն եւ քննարկումներուն մէջ Արցախի Հանրապետութեան ու Արցախի ժողովուրդի ճակատագրին վերաբերեալ հնչեցուող յայտարարութիւններուն միանշանակ է եւ արտայայտուած է քանի մը անգամ` նախագահին ու Ազգային Ժողովին կողմէ:

Այս մասին ըսած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամուլի քարտուղար Լուսինէ Աւանեսեանը` աւելցնելով, որ կը փափաքի յիշեցնել 2021 թուականի Դեկտեմբերին նախագահ Յարութիւնեանի հրապարակած դրոյթներէն քանի մը հատը.

Արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքի լիարժէք ճանաչումը որեւէ­ վերապահման եւ զիջման ենթակայ չէ: Այդ հարցին բացառիկ տէրը Արցախի ժողովուրդն է:

Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան միջազգային ճանաչումը իշխանութիւններուն ուղենիշը կը մնայ: Ատրպէյճանի կազմին մէջ որեւէ կարգավիճակ անընդունելի է:

Ոչ միայն կարգավիճակի, այլեւ ժողովրդագրական առումով վերադարձը անցեալին անընդունելի է: Արցախի Հանրապետութիւնը ունի իր տարածքային ամբողջականութիւնը վերականգնելու խնդիր:

Արցախի նախագահի խօսնակին խօսքով` իր քաղաքականութիւնը Արցախի իշխանութիւնը կը կառուցէ ու կ’իրականացնէ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակագրին եւ Մայր օրէնքին համապատասխան` համագործակցելով բոլոր գործընկերներուն հետ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment