Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեանը Վերստին Կը ՅայտարարԷ` Ժողովրդավարութիւնը Հայաստանի Միջազգային Հիմնական Պրենտն Է

Փաշինեանը Վերստին Կը ՅայտարարԷ` Ժողովրդավարութիւնը Հայաստանի Միջազգային Հիմնական Պրենտն Է

by MassisPost

«Ժողովրդավարութիւնը այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան եւ անկախութեան երաշխաւորման եւ պահպանման կարեւորագոյն ու առանցքային գործօնն է: Մեր խնդիրն է ապացուցել, որ ժողովրդավարութիւնն, այո՛, նաեւ ի վիճակի է ապահովել երկրի արտաքին անվտանգութիւնը, այդ թւում` երկրի ներքին անվտանգութիւնը», նշեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ելոյթ ունենալով «Ժողովրդավարութեան Հայկական Համագումարի» ընթացքին:

«Հիմա շատ կարեւոր է ժողովրդավարութիւնն ամրապնդելու համար, որ մենք համախմբուենք մէկ այլ առաքելութեան շուրջ` ինչպէս Հայաստանի Հանրապետութեանը բերել ենք ժողովրդավարութիւն, այնպէս էլ Հայաստանի Հանրապետութեանը բերենք խաղաղութիւն, որովհետեւ կարծում եմ` մէկն առանց միւսի շատ դժուարութեամբ կարող է գոյութիւն ունենալ»,  ընդգծեց վարչապետը:

Նիկոլ Փաշինեանը թէեւ նկատեց, որ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութիւնը անամպ չէ, բայց շեշտեց հիմնականին մէջ դատական համակարգին մէջ առկայ խնդիրները:

«ժողովրդավարութեան Հայկական Համագումարը» կազմակերպուած էր միջազգային «Freedom House»ի եւ «Իրազեկ Քաղաքացիներու Միաւորման» կողմ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment