Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Ամենապատիւ Եւ Գերերջանիկ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ․ Կաթողիկոս-Պատրիարքին Հովուական Անդրանիկ Այցը ԱՄՆ Գալիֆորնիա

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Ամենապատիւ Եւ Գերերջանիկ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ․ Կաթողիկոս-Պատրիարքին Հովուական Անդրանիկ Այցը ԱՄՆ Գալիֆորնիա

by MassisPost

Հիւսիսային Ամերիկայի Տիրամայր Նարեկի Հայ Կաթողիկէ Թեմը կը հաղորդէ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նորընտիր Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց՝ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.-ի հովուական անդրանիկ այցը Գալիֆորնիա։

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ընտրուած է Կաթողիկոս Պատրիարք՝ Հռոմի մէջ Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսին 2021 թուականի Սեպտեմբեր 23-ին, Գահակալութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 24 Հոկտեմբեր 2021-ին Սուրբ Եղիա Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ՝ Պէյրութ/Լիբանան:

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր երկշաբաթեայ յատուկ այցելութիւնը կը մեկնարկէ Գալիֆորնիոյ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիներու այցելութեամբ՝ «Պատրիարք Կաթողիկոսին իւրայատուկ այցելութեան գլխաւոր նպատակն է առաջնահերթել Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ընկերային եւ հոգեւոր առաքելութիւնը, սուրբ Պատարագ մատուցանելով Հարաւային Գալիֆորնիոյ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցիներուն մէջ», ըսաւ Արհիապատիւ Հայր Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեան՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Տիրամայր Նարեկի Հայ Կաթողիկէ Թեմին Առաջնորդը։ «Մենք մեծ ուրախութեամբ կը սպասենք Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ այցելութիւնը, ստանալու համար անոր Տէրութեան Հայրական օրհնութիւններն ու ըմբոշխնելու անոր Հայրական պատգամը»։

Այս հովուական այցելութիւնը պիտի սկսի Մայիս 27-ին երեկոյեան ժամը 7:00 Կլենտէյլի Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ կայանալիք «Հրաշափառ»ի բարի գալուստի պաշտօնական արարողութեամբ։

Նախքան իր Կաթողիկոս Պատրիարքի ընտրութիւնը, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը 2011-2021 թուականներուն, ծառայած է որպէս Հայ Կաթողիկէ համայնքի Առաջնորդ Արքեպիսկոպոս Հայաստանի, Վրաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ։ Ան՝ 2001 թուականին նախաձեռնած է Կլենտէյլի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ կառուցման, որ նուիրուած է Հայ Ազգի Քրիստոնէացման 1700-ամեակի յիշատակին։

Այս հովուական պատմական այցելութեան ծիրէն ներս՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Տիրամայր Նարեկի Հայ Կաթողիկէ Թեմը կազմակերպած է նաեւ ճաշկերոյթ մը  ի պատիւ Հոգեւոր Տիրոջ, Շաբաթ` Յունիսի 4-ին, Լոս Անճելըսի Իրանահայ Միութեան Սրահին մէջ, 117 S. Louise St, Glendale, CA 91205: Ընդունելութիւնը կը սկսի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, որուն կը յաջորդէ պաշտօնական ընթրիքը: Տեղերու ապահովման եւ նուիրատուութիւններու համար կը խնդրուի այցելել https://donorbox.org/EparchyBanquet2022 մինչեւ Մայիսի 25-ը:

Լոս Անճելըսի մէջ կայանալիք հանդիսաւոր ճաշկերոյթին եւ նուիրատուութիւններուն վերաբերեալ յաւելեալ տեղեկութիւն ստանալու համար կը խնդրուի դիմել Թագուհի Մարտիրոսաց Հայ Կաթողիկէ Եկեղեւոյ Հովիւ՝ Հ․ Արմենակ Վ․ Պետրոսեանին՝  հեռ. (323) 261-9898, Ել-նամակ.  [email protected] եւ Սօսի Մենծակոբեանին՝ հեռ. (714) 926-6513, Ել-նամակ. [email protected]

«Որպէս Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Կաթողիկոս-Պատրիարք՝ Նորին Տէրութեան հովուական այս այցը կարեւոր է քաջալերելու համար Գալիֆորնիոյ Հայութեան օժանդակութիւնը Հայաստանի, Լիբանանի եւ Մերձաւոր Արեւելքի մեր եղբայրենրուն եւ քոյրերուն՝ անոնց ապրած այժմու քաղաքական եւ տնտեսական ծանր պայմաններուն մէջ», – ըսաւ Արհիապատիւ Հայր Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեան, «Անոնք այժմ աւելի քան երբեւէ կարիքը ունին մեր աջակցութեան եւ Քրիստոնէական բարեգործութեան»։

Հովուական այելութիւնը նախատեսուած է Մայիսի 30-էն մինչեւ Յունիսի 1, Ֆրեզնօ, Սան Հօսէ եւ Սան Ֆրանսիսքօ քաղաքները, որտեղ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Սուրբ Պատարագ կը մատուցանէ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցիներուն մէջ եւ կը հանդիպի հոգեւոր եւ պետական ղեկավար անձնաւորութիւններու  հետ։

Հովուական այցելութիւնը կը շարունակուի դէպի Սան Տիէկօ՝ Յունիսի 3-էն 4, որտեղ Սուրբ Անտոնի Հայ Կաթողիկէ Առաքելութիւնը կ՚ընդունի Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը։

Յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար կը խնդրուի դիմել․

Հայ Կաթողիկէ Թեմի Առաջնորդարան
Հեռ. (818) 445-7918 Ել-նամակ: [email protected]

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ Մայր Տաճար
Հեռ․ (818) 243-8400 Ել-նամակ: [email protected]

Թագուհի Մարտիրոսաց Հայ Կաթողիկէ Եկեցեղի
Հեռ. (323) 261-9898 Ել-նամակ: [email protected]

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment