Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Այդ Զէնքը Օգտագործուեցաւ Հայաստանի Եւ Հայ Ժողովուրդին Դէմ. Փաշինեանը` ՀԱՊԿ Անդամ Երկիրներու Ղեկավարներուն

Այդ Զէնքը Օգտագործուեցաւ Հայաստանի Եւ Հայ Ժողովուրդին Դէմ. Փաշինեանը` ՀԱՊԿ Անդամ Երկիրներու Ղեկավարներուն

by MassisPost

ՀԱՊԿ գագաթաժողովին ընթացքին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ ՀԱՊԿ աշխատանքին: «Նախորդ տարի, ճիշդ այս օրերին, Ատրպէյճանի զինուած ուժերը ներխուժեցին Հայաստանի ինքնիշխան տարածք, եւ Հայաստանը դիմեց ՀԱՊԿ-ին, որպեզի գործարկուէին մեխանիզմները, որոնք նախատեսուած են ՀԱՊԿ խորհրդի կողմից հաստատուած փաստաթղթով: Բայց, ցաւօք, մենք չենք կարող ասել, որ կազմակերպութիւնն արձագանգեց այնպէս, ինչպէս սպասում էր Հայաստանը», ըսաւ ան:

Փաշինեան նշեց, որ հայկական կողմը երկար ժամանակ նաեւ բարձրացուցած է կազմակերպութեան անդամ երկիրներուն կողմէ Հայաստանի ոչ-բարեկամ երկրին զէնք վաճառելու հարցը: «Արդիւնքում` այդ զէնքն օգտագործուեց Հայաստանի եւ հայ ժողովրդի դէմ: Եւ դա նոյնպէս խնդիր է: Անկեղծ ասած, 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմի օրերին եւ պատերազմից յետոյ ՀԱՊԿ անդամ երկրների արձագանգը այնքան էլ չգոհացրեց Հայաստանի Հանրապետութեանը եւ հայ ժողովրդին: Բայց ես ուզում եմ յատուկ ընդգծել Ռուսաստանի եւ անձամբ ՌԴ նախագահի դերը Լեռնային Ղարաբաղում պատերազմի դադարեցման գործում: Ես ուզում եմ եւս մէկ անգամ վերահաստատել, որ Հայաստանը հաւատարիմ է եռակողմ յայտարարութեանը` ստորագրուած 2020 թուականի Նոյեմբերի 9-ին, նաեւ 2021 թուականի Յունուարի 11-ի եւ Նոյեմբերի 26-ին եռակողմ յայտարարութիւններին», յաւելեց Փաշինեանը:

Կը կարծեմ, որ արդիւնքներն ամփոփելը շատ լաւ է եւ կարեւոր: Հայաստանը որպէս ՀԱՊԿ հիմնադիր անդամ` հաւատարիմ է կազմակերպութեան հետագայ զարգացման եւ կազմակերպութիւնը կը համարենք անվտանգութեան եւ կայունութեան ապահովման առանցքային գործօն Եւրասիական տարածաշրջանի, Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան համար, եւ ընդհանուր առմամբ, դրական տրամադրուած ենք լիովին աջակցելու կազմակերպութեան եւ անոր հետագայ զարգացման, եզրփակեց Հայաստանի վարչապէը:

CSTO-2

Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան անդամ երկիրներու առաջնորդները համատեղ յայտարարութիւն տարածած են` անդրադառնալով ՀԱՊԿ պատասխանատուութեան գօտիին մէջ սահմաններուն անվտանգութիւնը ապահովելու անհրաժեշտութեան:

Յայտարարութեան մէջ կը նշուի է, որ ՀԱՊԿ-ը պատրաստ է ապահովելու իր սահմաններուն անվտանգութիւնը, այդ շարքին` Աֆղանիստանի եւ Կազմակերպութեան անդամ երկիրներու այլ արտաքին սահմաններուն անհանգստութիւն պատճառող իրավիճակի լոյսին տակ: «Անհանգստութիւն կ’առաջացնէ իրավիճակը Աֆղանիստանի մէջ եւ ՀԱՊԿ անդամ երկիրներու այլ արտաքին սահմաններուն տիրող իրավիճակը: Այս ծիրին մէջ պատրաստակամութիւն կը յայտնենք ապահովելու ՀԱՊԿ-ի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ սահմաններու անվտանգութիւնը», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Յայտարարութեան մէջ կը նշուի նաեւ, որ Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան անդամ երկիրները պատրաստ են ՆԱԹՕ-ի հետ գործնական համագործակցութիւն հաստատել:

«Գիտակցելով մեր պատասխանատուութիւնը Եւրասիական տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութիւն ապահովելու հարցով` կ’ընդգծենք ցամաքամասին մէջ լարուածութեան թուլացման անհրաժեշտութիւնը եւ կը հաստատենք ՆԱԹՕ-ի հետ գործնական համագործակցութիւն հաստատելու պատրաստակամութիւնը», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment