Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ 300 Սփիւռքահայ Մասնագէտներ Դիմած Են ՀՀ Պետական Համակարգին Մէջ Աշխատելու Համար

300 Սփիւռքահայ Մասնագէտներ Դիմած Են ՀՀ Պետական Համակարգին Մէջ Աշխատելու Համար

by MassisPost

Աւարտած է ՀՀ կառավարման համակարգին մէջ սփիւռքահայ մասնագէտներու «Ի գործ» 2022 ծրագրի յայտադիմումներու ընդունումը: Շուրջ 300 սփիւռքահայ մասնագէտներ այս տարի դիմած են ծրագրին 31 երկիրներէ` Ռուսիա, ԱՄՆ, Լիբանան, Ուքրանիա, Պելճիքա, Իրան, Գանատա, Ֆրանսա, Գերմանիա, Պելառուսիա, Արժանթին, Զուիցերիա, Նորվեկիա, Իտալիա եւ այլն: Առաջին անգամ ծրագրին դիմած են Նիտերլանտներէն, Յորդանանէն, Պրազիլէն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն եւ Նիւ Զելանտայէն: Այս մասին յայտնած են ՀՀ սփիւռքի գործերի գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակէն:

Ծրագիրը կ’իրականացուի ՀՀ սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակին կողմէ: Այն հնարաւորութիւն կ’ընձեռէ սփիւռքահայ մասնագէտներուն մէկ տարի աշխատելու Հայաստանի եւ Արցախի աւելի քան 25 գերատեսչութիւններու մէջ` բերելով իրենց փորձը, գիտելիքները, նախաձեռնելով  նոր ծրագրեր եւ սկսելով իրենց ասպարէզը հայրենիքի մէջ: Բոլոր դիմորդները ունին պաքալորեայի աստիճան եւ առնուազն 5 տարուայ մասնագիտական աշխատանքային փորձ կամ  մագիստրոսի աստիճան (կամ աւելի բարձր) եւ 3 տարուայ մասնագիտական աշխատանքային փորձ:

Այս տարուան դիմորդները աւարտած են այնպիսի համալսարաններ, ինչպիսիք են Հարվըրտի, Պրատֆորտի, Մոսկուայի Մ. Վ. Լոմոնոսովի անուան պետական, Գոլումպիայի, Լոս Անճելըսի Գալիֆորնեան համալսարանները: Ամենատարեց մասնագէտը 77 տարեկան է, ծրագրին դիմողներու միջին տարիքը 35 է:

Ընտրուած մասնագէտները Յուլիս ամսուայ ընթացքին պիտի հրաւիրուին առցանց հարցազրոյցի համապատասխան գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ: Վերջնական ընտրութենէն յետոյ այս տարուայ Սեպտեմբերէն 50 սփիւռքահայ մասնագէտ պիտի սկսին իրենց աշխատանքը: ՀՀ կառավարութիւնը մասնագէտներուն համար ձեռք կը բերէ օդանաւի տոմս (դէպի Հայաստան եւ հակառակ ուղղութեամբ), կը յատկացնէ կեցութիւն նպաստ` ամսական 336.000 դրամ,  առողջութեան ապահովագրութիւն եւ մէկ տարուայ կացութեան կարգավիճակի տրամադրման վճարը:

Յիշեցնենք, որ ծրագիրը կ’իրականացուի արդէն 3-րդ անգամ ըլլալով: Նախորդ երկու տարիներուն ծրագրի շրջանակներուն մէջ 100-է աւելի մասնագէտներ սկսած են իրենց աշխատանքը Հայաստանի եւ Արցախի պետական համակարգին մէջ: Անոնց 70 տոկոսը հայրենադարձ ըլլալու որոշում կայացուցած է:

«Ի Գործ»-ը Հայաստանի պատմութեան մէջ միակ պետական ծրագիրն է, որ սփիւռքահայ մասնագէտները կը հրաւիրէ սեփական ներուժով փոխելու Հայաստանի կառավարման համակարգը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment