Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Զօրավար Սամուէլ Կարապետեանին Մեղադրանք Առաջադրուած է, Ան Ստորագրութեամբ Ազատ Արձակուեցաւ

Զօրավար Սամուէլ Կարապետեանին Մեղադրանք Առաջադրուած է, Ան Ստորագրութեամբ Ազատ Արձակուեցաւ

by MassisPost

Ստեփանակերտի «Վերածնունդ»ի հրապարակին վրայ տեղի ունեցած հրաձգութեան գործի ծիրին մէջ բարձրաստիճան նախկին զինուորական Սամուէլ Կարապետեանին մեղադրանք առաջադրուած է Արցախի Քրէական Օրէնսգիրքի 269-րդ յօդուածի 4-րդ մասով (խուլիկանութիւն, որ կատարուած է զէնքի կամ որպէս զէնք օգտագործուող առարկաներու գործադրմամբ) եւ 245-րդ յօդուածի առաջին մասով (ապօրինի կերպով հրազէն ձեռք բերելը, պահելը, փոխադրելը կամ կրելը) նախատեսուած յանցանքներու յատկանիշներով: Այս մասին տեղեկացուցած է Արցախի Գլխաւոր Դատախազութիւնը:

Գերատեսչութեան հաղորդագրութեան համաձայն, ազդեցիկ զօրավարին նկատմամբ խափանման միջոց ընտրուած է չհեռանալու մասին ստորագրութիւնը:

Արցախի զօրավար Սամուէլ Կարապետեան յայտնի է «Օկանովսքի» ծածկանունով: Անոր մասնակցութեամբ զինուած միջադէպը տեղի ունեցած է Մայիս 10-ին երեկոյեան:

Արցախի իրաւապահ մարմիններու հաղորդագրութեան համաձայն, Ստեփանակերտի կեդրոնական հրապարակին վրայ հնչած են կրակոցներ, որուն հետեւանքով վնասուած է Ստեփանակերտ քաղաքի բնակիչին պատկանող ինքնաշարժը:

Հաղորդուած էր, որ «ենթադրեալ յանցագործութեան կատարման կասկածանքով ձերբակալուածը» Սամուէլ Կարապետեանն է:

«Նախաքննական մարմինը եկել է այն եզրահանգման, որ մեղադրեալի պատշաճ վարքագիծը կարելի է ապահովել անազատութեան մէջ պահելու հետ չկապուած խափանման միջոցի ընտրմամբ, ուստի քննիչի կողմից որոշում էր կայացուել մեղադրեալի նկատմամբ չհեռանալու մասին ստորագրութիւնը որպէս խափանման միջոց ընտրելու մասին», կ’ըսուի Արցախի Գլխաւոր Դատախազութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment