Ուքրանիոյ պատերազմի լոյսին տակ, երթալով կը փոքրանայ յառաջընթացի հնարաւորութիւնը Հայաստանի եւ անոր դրացիներուն` Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար, կը գրէ «The Washington Post»-ի սիւնակագիր Տէյվիտ Իկնաթիուսը:
Հայկական արմատներով լրագրողին կարծիքով` ուքրանական ճգնաժամին պատճառով Հարաւային Կովկասի խնդիրները կրնան երկրորդական դառնալ տարածաշրջանով հետաքրքրուած երկիրներուն համար, այն պարագային, երբ այս հարցը հնարաւոր է շփման կէտ ըլլայ ԱՄՆ-ի եւ Ռուսիոյ համար:
Յօդուածին հեղինակը կը նկատէ, որ ե՛ւ Ռուսիան, ե՛ւ Արեւմուտքը կը փորձեն իրենց հովանիին ներքոյ պահել այս գործընթացները:
Իկնաթիուսի կարծիքով` որպէսզի Հայաստանը խուսափի այսպէս կոչուած «պարտադրուած խաղաղութենէն», գործընթացին մէջ պէտք է ներգրաւել ԱՄՆ-ն ու Եւրոպան, ինչպէս նաեւ վերակենդանացնել ԵԱՀԿ Մինսքի Խմբակի ձեւաչափը, որ կը պոյքոթուի Մոսկուային կողմէ:
«Զուգահեռաբար միջնորդի դերին մէջ նկատելի է Եւրոմիութեան աշխուժութիւնը, որուն ջանքերով անցեալ ամիս Պրիւքսէլի մէջ կայացաւ Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպում», կը գրէ «The Washington Post»-ը:
Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարներու` Տուշանպէի մէջ սպասուող հանդիպման ընդառաջ, հեղինակը կը գրէ, որ Ռուսիան կրկին պիտի փորձէ իր ազդեցութիւնը տարածել բանակցային գործընթացին վրայ:
Ըստ Իկնաթիուսի, Տաճիկստանի մայրաքաղաքին մէջ եռակողմ ձեւաչափով Երեւանի, Պաքուի ու Մոսկուայի արտաքին գերատեսչութիւններու ղեկավարները պիտի քննարկեն խաղաղութեան պայմանագիրը:
«The Washington Post»-ի սիւնակագիրը տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան միտուած գործընթացներուն մասին զրուցած է վերջերս Միացեալ Նահանգներ այցելած Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ:
«Մենք պէտք է նայենք ոչ միայն անցեալին, այլեւ դէպի ապագայ: Եթէ Հայաստանը շարունակի անզիջում խաղալ հարեւանների հետ, մեր տարածաշրջանը կը յայտնուի փակուղում», Իկնաթիուսին ըսած է Միրզոյեանը:
Տարածաշրջանային գործընթացներուն մասին ամերիկեան հանդէսին հետ խօսած է նաեւ նախապէս Ուաշինկթընի, այժմ Լոնտոնի մէջ Ատրպէյճանի դեսպան Էլին Սուլէյմանովը` տալով չափաւոր լաւատեսական գնահատական:
«Ատրպէյճանը քանիցս յայտարարած է, որ շուտափոյթ կարգաւորման եւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման յոյս ունի», Սուլէյմանովի կարծիքը կը մէջբերէ յօդուածագիրը: