Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Տուշանպէի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Հայաստանի, Ռուսիոյ Եւ Ատրպէյճանի Արտաքին Գործերու Նախարարներուն Հանդիպումը

Տուշանպէի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Հայաստանի, Ռուսիոյ Եւ Ատրպէյճանի Արտաքին Գործերու Նախարարներուն Հանդիպումը

by MassisPost

Մոսկուան շահագրգռուած է, որ Հարաւային Կովկասը վերածուի խաղաղութեան, կայուն զարգացման եւ բարգաւաճման գօտիի, այս մասին ռուսական աղբիւրներու փոխանցմամբ` Տուշանպէի մէջ յայտնածէ Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրովը, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարներուն մասնակցութեամբ եռակողմ հանդիպման ընթացքին:

Նախարար Լաւրովի խօսքով` Մոսկուան շահագրգռուած է կողմերուն միջեւ վստահութեան մեծացմամբ եւ հայ-ատրպէյճանական լիարժէք յարաբերութիւններու կարգաւորման համար պայմաններու ստեղծմամբ: «Յոյսով եմ, որ այսօրուայ հանդիպումը հնարաւորութիւն պիտի տայ յառաջ ընթանալ այն ճանապարհով, որ նախանշած են մեր ղեկավարները», ըսած է ան:

Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամովը, իր հերթին, նշած է, որ հանդիպումը «լաւ հնարաւորութիւն է` քննարկելու յառաջընթացը, որուն հնարաւոր է հասնիլ»: Ան միեւնոյն ժամանակ ափսոսանք յայտնած է, որ «տակաւին չեն յաջողած յառաջընթացի հասնիլ ճանապարհային հաղորդակցութիւններու բացման ուղղուած աշխատանքներուն մէջ»:

«Գիտեմ, որ գործընկերներուն միջեւ շփումները կը շարունակուին: Կը կարծենք, որ կայ լաւ հեռանկար, լաւ հնարաւորութիւն արդիւնքի հասնելու եւ եռակողմ յայտարարութիւնները ամբողջութեամբ իրականացնելու համար», ըսած է ատրպէյճանցի պաշտօնեան: Ան յաւելած է, որ վերջին շրջանին բաւականին սերտ շփումներ ունեցած են պետական սահմանի սահմանազատման գործընթացի մեկնարկին ուղղութեամբ:

«Կը կարծեմ, որ լաւ զարգացումներ, ըմբռնում կայ սահմանազատման հարցերու յանձնաժողովին մէջ կողմերու կազմին եւ ներկայացուցչականութեան առումով, նաեւ կը կարծեմ, որ մօտ ապագային հնարաւոր պիտի ըլլայ առնուազն սկսիլ այս գործընթացը», ըսած է Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարը:

Նախարար Արարատ Միրզոյեանը հանդիպման մեկնարկին շեշտած է, որ Հայաստանը եղած է եւ կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ երեք երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ բոլոր պայմանաւորուածութիւններու եւ յայտարարութիւններու իրականացման:

«Մենք պատրաստ ենք շարունակել բոլոր աշխատանքները ներկայիս ձեւաչափերի ուղղութեամբ․ տարածաշրջանում տնտեսական ենթակառուցուածքների հաղորդակցութիւնների բացման եւ խաղաղութեան պայմանագրի կամ, ինչպէս երեւի աւելի ճիշդ է ասել, յարաբերութիւնների կարգաւորման համաձայնագրի, յարաբերութիւնների հաստատման ու մնացեալ բոլոր խնդիրների լուծման ուղղութամբ, այդ թւում` մարդասիրական, ռազմագերիների ազատ արձակման եւ այլ խնդիրների, որոնք մնում են չլուծուած», յայտնած է Հայաստանի դիւանագիտութեան ղեկավարը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment