Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Միրզոյեանն Ու Հնդկաստանի Վարչապետը Քննարկած Են Տարբեր Մարտահրաւէրներու Յաղթահարման Ուղիները

Միրզոյեանն Ու Հնդկաստանի Վարչապետը Քննարկած Են Տարբեր Մարտահրաւէրներու Յաղթահարման Ուղիները

by MassisPost

Ապրիլ 26-ին աշխատանքային այցով Հնդկաստան գտնուող Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը Նիւ Տելհիի մէջ «Ռայսինայի Երկխօսութիւն» համաժողովի ծիրին մէջ մասնակցած է Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտիի հետ հանդիպման:

Ըստ Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան, քննարկուած են ժամանակակից աշխարհի տարբեր մարտահրաւէրներու յաղթահարման ուղիները եւ, այդ առումով, համագործակցութեան հնարաւորութիւնները: Արարատ Միրզոյեանը Նարենտրա Մոտիի հետ նաեւ հայ-հնդկական յարաբերութիւններու մասին զրուցած է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment