Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պլինքըն․ Միացեալ Նահանգները Կը Փորձէ Կասեցնել Պաքուի` Իրավիճակը Ապակայունացնող Միակողմանի Գործողութիւնները

Պլինքըն․ Միացեալ Նահանգները Կը Փորձէ Կասեցնել Պաքուի` Իրավիճակը Ապակայունացնող Միակողմանի Գործողութիւնները

by MassisPost

ԱՄՆ հանդէս կու գայ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ հակամարտութիւնը երկարաժամկէտ սկզբունքով լուծելու օգտին, ինչպէս նաեւ դէմ է միակողմանի քայլերուն այս առումով: Այս մասին յայտնած է ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն:

«Ես շատ աշխոյժ եւ անմիջականօրէն շփուած եմ ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան հետ: Մասնաւորապէս, վերջերս` մէկ շաբաթ առաջ, հեռախօսազրոյցներ ունեցայ վարչապետ Փաշինեանի եւ նախագահ Ալիեւի հետ, ինչպէս նաեւ այս երկիրներու արտաքին գործերու նախարարներուն հետ, փորձելով խթանել Լեռնային Ղարաբաղի հարցի երկարաժամկէտ քաղաքական կարգաւորման հեռանկարները», ըսած է ԱՄՆ արտաքին քաղաքականութեան վարչութեան ղեկավարը` ելոյթ ունենալով ԱՄՆ Ծերակոյտի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնաժողովի լսումներուն ժամանակ:

Անոր խօսքով` Ուաշինկթընը այդ առնչութեամբ «կը մշակէ ու կը խթանէ վստահութեան ամրապնդման տարբեր միջոցներ»: «Մենք դէմ ենք որեւէ միակողմանի գործողութիւններու, յատկապէս Ատրպէյճանի կողմէ, որոնք միայն կը սրեն իրավիճակը», ընդգծած է ամերիկեան դիւանագիտութեան ղեկավարը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment