Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պաշտպանութեան Նախարարը Հետեւած Է Հարուածային Անօդաչուներու Փորձարկումներուն

Պաշտպանութեան Նախարարը Հետեւած Է Հարուածային Անօդաչուներու Փորձարկումներուն

by MassisPost

Ապրիլ 27-ին ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան աշխատանքային այցով եղած է Զինուած Ուժերու ուսումնական զօրամասերէն մէկուն մէջ:

Սուրէն Պապիկեանը շրջած է զօրամասի տարածքին եւ ուսումնական մասնաշէնքին մէջ, զրուցած է ժամկէտային զինուորներու հետ, հետեւած է ուսումնական դասընթացքներու ընթացքին: Զօրամասի հրամանատար, գնդապետ Դաւիթ Ալեքսանեանը պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարին ներկայացուցած է զօրամասին կառուցուածքն ու գործառոյթները:

Պաշտպանութեան նախարարը զօրամասին մէջ յարգանքի տուրք մատուցած եւ ծաղիկներ խոնարհած է Հայաստանի ազգային հերոս Վահագն Ասատրեանի եւ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին զոհուած ու անյայտ կորսուած զինուորներուն յիշատակը յաւերժացնող խաչքարերուն մօտ:

Նոյն օրը, ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը եղած է նաեւ «Բաղրամեան» զօրավարժարանին մէջ, հետեւած է հայրենական ռազմարդիւնաբերական ձեռնարկութիւններէն մէկուն նախագծած հարուածային անօդաչուներու փորձարկումներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment