Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետ Փաշինեան Ընդունած Է ՆԱԹՕ-ի Գլխաւոր Քարտուղարի Յատուկ Ներկայացուցիչը

Վարչապետ Փաշինեան Ընդունած Է ՆԱԹՕ-ի Գլխաւոր Քարտուղարի Յատուկ Ներկայացուցիչը

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Խավիեր Քոլոմինան:

Վարչապետը, ողջունելով Քոլոմինայի այցը, նշած է, որ Հայաստան կը կարեւորէ ՆԱԹՕ-ի հետ գործընկերութիւնը, յատկապէս խաղաղապահ առաքելութիւններու ծիրին մէջ համագործակցութիւնը եւ հետաքրքրուած է անոր խորացմամբ: Անդրադառնալով տարածաշրջանային իրավիճակին` Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ այն բաւական լարուած է, եւ Հայաստանը քայլերու կը ձեռնարկէ առկայ խնդիրներու կարգաւորման ուղղութեամբ, անհրաժեշտ համարելով միջազգային գործընկերներուն աջակցութիւնը այդ գործընթացին:

Խավիեր Քոլոմինան, շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար, նշած է, որ ՆԱԹՕ-ի համար եւս Հայաստանը կարեւոր գործընկեր է, եւ Հայաստանի վարչապետին փոխանցած է ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկի ողջոյնները: Ան ընդգծած է, որ Հիւսիսատլանտեան դաշինքը բարձր կը գնահատէ հայ խաղաղապահներուն գործունէութիւնը Քոսովոյի խաղաղապահ առաքելութեան մէջ, եւ իր այցը առիթ է գործընկերութեան հեռանկարները, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային զարգացումները քննարկելու համար: Քոլոմինան նշած է, որ ՆԱԹՕ-ն կը կարեւորէ խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովումը Հարաւային Կովկասի մէջ եւ պատրաստ է օժանդակելու այդ գործընթացին:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են Հայաստան-ՆԱԹՕ գործընկերութեան շուրջ: Անդրադարձ կատարուած է տարածաշրջանային եւ միջազգային  անվտանգութեան հարցերուն, Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին:

Վարչապետը ներկայացուցած է Հայաստանի դիրքորոշումները հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանագծման եւ սահմանազատման, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման, հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման, Հայաստան-Թուրքիա երկխօսութեան գործընթացին վերաբերեալ: Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձած է միջազգային գործընկերներու միջնորդութեամբ կայացած հանդիպումներուն շնորհիւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն եւ եւս մէկ անգամ շեշտած է միջազգային հանրութեան հասցէական արձագանգին կարեւորութիւնը տարածաշրջանին մէջ կայունութեան խաթարման ուղղուած գործողութիւններուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment