Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Պրիւքսէլի Մէջ Վանտալիզմի Ենթարկած Են Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Ոգեկոչման Խաչքար-Յուշարձանը

Պրիւքսէլի Մէջ Վանտալիզմի Ենթարկած Են Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Ոգեկոչման Խաչքար-Յուշարձանը

by MassisPost

Պրիւքսէլի Անրի Միշօ հրապարակին մէջ վանտալիզմի ենթարկուած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու ոգեկոչման խաչքար-յուշարձանը. յուշարձանին վրայ մասնաւորապէս գծած են երեք կարմիր կիսալուսին, ընթեռնելի է նաեւ թրքական խորհրդարանի ծագումով հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանին ուղղուած հայհոյախառն անգլերէն արտայայտութիւնը, կը հաղորդէ Պելճիքայի Հայերու Կոմիտէն:

Կոմիտէն խստօրէն կը դատապարտէ պղծումը, որ կատարուած է 1915 թուականի ցեղասպանութեան զոհերու ոգեկոչման օրուան յաջորդ օրը:

Armenian-khachkar-Belgium-1

«Այս արարքը կրնայ մեկնաբանուիլ միայն որպէս թշնամանքի արտայայտութիւն եւ փորձ` վախցնելու ծագումով հայ պելճիքացիները, որոնց մեծ մասը կը սերի ցեղասպանութեան զոհ դարձած ընտանիքներու յատուկենտ փրկուածներէ: Ակնյայտօրէն, Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը Թուրքիոյ Հանրապետութեան իշխանութիւններուն եւ անոր առնչուող տեղական ու միջազգային միութիւններուն, այլ երկիրներու տեղական կառավարման մարմիններուն մէջ ընտրուած ծագումով թուրք պետական պաշտօնեաներու խիստ հակահայկական նախապաշարմունքի ամենատարածուած դրսեւորումն է ինչպէս Պելճիքայի, այնպէս ալ` այլուր», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Պելճիքայի Հայերու Կոմիտէն կոչ կ’ընէ հասարակական ու պետական գործիչներուն, կառավարման մարմիններուն, միութիւններուն` «ի գիտութիւն ընդունիլ ատելութեան հրահրման այս կամայական եւ ուղղորդուած դրսեւորումը, այն է` Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը եւ հայերու նկատմամբ ատելութեան նախապաշարմունքը»: «Սոյն դատապարտելի յանցանքի կրկնուելէն խուսափելու համար` մենք մասնաւորապէս կոչ կ’ընենք թուրք համայնքային կազմակերպութիւներուն՝ դատապարտելու այս արարքը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment