Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Այսօր Նոր Էջ Կը Բանանք Հայ-Հնդկական Տնտեսական Համագործակցութեան Պատմութեան Մէջ»․ Միրզոյեան

«Այսօր Նոր Էջ Կը Բանանք Հայ-Հնդկական Տնտեսական Համագործակցութեան Պատմութեան Մէջ»․ Միրզոյեան

by MassisPost

«Այսօր մենք իրապէս նոր էջ ենք բացում հայ-հնդկական տնտեսական համագործակցութեան պատմութեան մէջ, եւ թոյլ տուէք ասել` վերականգնում ենք մեր ժողովուրդների միջեւ առեւտրի, զարգացման եւ բարգաւաճման հիանալի աւանդոյթները», Նիւ Տելհիի մէջ` հայ-հնդկական գործարար համաժողովի բացման ընթացքին ըսած է Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը:

Տարիներու ընթացքին Հնդկաստանը դարձած է Հայաստանի կարեւոր տնտեսական գործընկերը, նշած է Միրզոյեան` շեշտելով, որ կայ չօգտագործուած հսկայական ներուժ, որու իրացման համար պէտք է աշխատիլ միասին:

Ընդգծելով, որ Հնդկաստանը անուանական ՀՆԱ-ով աշխարհի վեցերորդ երկիրն է եւ մեծ տէրութիւններուն մէջ ամենաարագ զարգացող տնտեսութիւնը, Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը նկատած է, որ հայ գործարարներուն, արհեստագէտներուն եւ սկսնակ ձեռներէցներուն համար կրնայ դառնալ անսահմանափակ հնարաւորութիւններու երկիր:

«Հայաստանն, իր հերթին, գտնուելով Եւրոպայի եւ Ասիայի խաչմերուկում, շատ բան ունի առաջարկելու Հնդկաստանին: Հայաստանի անդամակցութիւնը Եւրասիական տնտեսական միութեանը` 180 միլիոն բնակչութեամբ եւ շուրջ 200 թրիլիոն տոլար ՀՆԱ-ով, Եւրոմիութեան հետ Համապարփակ եւ Ընդլայնուած Գործընկերութեան Համաձայնագիրը, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ-ի, Ճափոնի, Գանատայի, Նորվեկիայի եւ Զուիցերիայի հետ «GSP» առեւտրային ռեժիմը շօշափելի առաւելութիւններ են Հայաստանի ներդրումային գրաւչութեան եւ օտարերկրեայ գործընկերների հետ արդիւնաւէտ համագործակցութեան համար», ըսած է Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment