Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակի Օրուան Նշումը Հայաստանի Եւ Արցախի Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակի Օրուան Նշումը Հայաստանի Եւ Արցախի Մէջ

by MassisPost

Բազմահազար մարդիկ` Հայաստանէն, Լեռնային Ղարաբաղէն, Սփիւռքէն, օտարերկրեայ հիւրեր Երեւանի մէջ այցելցին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, յարգանքի տուրք մատուցելով 20-րդ դարու սկիզբը Ցեղասպանութեան զոհ դարձած աւելի քան մէկուկէս միլիոն հայերու յիշատակին:

Հայաստանի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը առաւօտեան Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

Իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին երկրին վարչապետը, նախագահը, Ազգային Ժողովի նախագահը, նախարարներ եւ այլք:

Անոնք ծաղիկներ խոնարհեցին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակին մօտ:

Այնուհետեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այցելած է Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, ծանօթացած է «Հայկական վարժարաններու հետքերով. ուսեալ ազգի վկայագրերը» խորագրով ցուցադրութեան ներկայացուած նիւթերուն:

Tsisentakapert-5

Եղեռնի 107-րդ տարելիցին առիթով յղած իր ուղերձին մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը նշէ, որ պատմական փաստերու, ցեղասպանութիւններու եւ ոճրագործութիւններու հերքումը, խեղաթիւրումը, ճշմարտութեան հետ չառերեսուիլը, միջազգային հանրութեան թողտուութիւնը կը ծնի նոր դաժանութիւններ եւ յանցագործութիւններ:

Հայաստանը պիտի շարունակէ աշխուժօրէն նպաստել ցեղասպանութիւններու, մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգիլման ուղղուած միջազգային հանրութեան ջանքերուն, ցեղային, կրօնական եւ ցեղապաշտական հողի վրայ խտրականութեան եւ անհանդուրժողականութեան դրսեւորումներու դէմ պայքարին, ընդգծած է վարչապետ Փաշինեան` յաւելելով, որ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման օրակարգը պիտի ծառայէ Հայաստանի անվտանգութեան երաշխիքներու համակարգի ամրապնդման:

«Այս օրակարգը կառավարութիւնը ծառայեցնելու է ոչ թէ տարածաշրջանային լարուածութեան աճին, այլ ընդհակառակը` տարածաշրջանի լիցքաթափման նպատակին», կ’ըսուի անոր ուղերձին մէջ:

«Մեծ Եղեռնը հայ ժողովրդի պատմութեան ամենաողբերգական էջն է: Եւ այն մեզ համար ոչ միայն մեր անմեղ նահատակների յիշատակը խնկարկելու, նրանց առաջ գլուխ խոնարհելու, այլեւ մեր պատմութեան` անցեալի, ներկայի եւ ապագայի մասին մտածելու առիթ է: Այն մեզ համար առիթ է արձանագրելու, որ հայ ժողովուրդը սեփական ճակատագրի տնօրինման աւելի ու աւելի մեծ հնարաւորութիւններ ու լծակներ պիտի ունենայ, պիտի կարողանայ սեփական ճակատագիրն ուրիշների որոշումների տիրոյթից սեփական որոշումների տիրոյթ տեղափոխել:

Նման իրավիճակի ամենագործուն արտայայտումը անկախ պետականութիւնն է, իր բոլոր հիմնարկների առաւելագոյն կայացուածութեամբ, որոշումների կայացման ընդունակութիւններով ու մեխանիզմներով: Այս գիտակցումն է մեզ յանգեցրել մեր ժողովրդի ու տարածաշրջանի համար խաղաղ զարգացման դարաշրջան բացելու օրակարգին, որովհետեւ սեփական անվտանգութեան ապահովման ամենաարդիւնաւէտ գործիքը կայացած պետականութիւնն է եւ խաղաղութիւնը: Ու մենք պիտի գնանք այս ճանապարհով», նշած է Հայաստանի ղեկավարը:

Ապա ան յաւելած է, որ նաեւ այս է պատճառը, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման միտուած բանակցութիւններ կը վարեն` յոյս յայտնելով, որ թրքական կողմին ձգտումները անկեղծ են, եւ կը կարենան այս ուղղութեամբ շարժիլ յառաջ:

«Միաժամանակ, այսօրուայ մեր խնդիրն է` համայն հայութեան ներուժի իրացմամբ կառուցել արժանապատիւ եւ կայացած ժողովրդավարական պետութիւն», նկատած է ան:

Tsisentakapert-7

Եթէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժամանակին դատապարտուէր, ապա կը կանխարգիլուէին հետագայ ցեղասպանութիւնները, համոզմունք կը յայտնէ Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատրեանը:

«Հէնց այդ պատճառով է Հայաստանի Հանրապետութիւնը միջազգային ասպարէզում հետեւողական պայքար մղում ցեղասպանութեան յանցագործութեան դատապարտման եւ կանխարգելման ուղղութեամբ: Մենք գիտակցում ենք, որ մեր նահատակուած հայրենակիցների յիշատակին յարգանքի տուրք մատուցելու լաւագոյն ձեւը հզօր եւ ժողովրդավար Հայաստանի կայացումն է, մեր ժողովրդի բարօր կեանքի, մեր երկրի սահմանների ամրութեան ու անվտանգութեան ապահովումն է, Հայաստանի միջազգային հեղինակութեան ամրապնդումն է», ըսուած է նախագահին ապրիլքսանչորսեան ուղերձին մէջ:

«Ցաւօք, Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու սեփական պատմութեան ամօթալի էջերի տարատեսակ խմբագրումները շարունակում են մնալ ժամանակակից Թուրքիայի ժխտողական քաղաքականութեան հիմքում: Մէկ անգամ չէ, որ համոզուել ենք` յանցագործութեան ժխտումը նոր յանցագործութեան երաշխիքն է», նշած է Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանը իր ուղերձին մէջ:

artsakh-april-24

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը, իր հերթին, շեշտած է. «Մեծ Եղեռնից աւելի քան հարիւր տարի յետոյ էլ մենք կրկին կանգնած ենք լրջագոյն մարտահրաւէրների առջեւ, կրկին ստիպուած ենք պայքարել յանուն ազգային ու համամարդկային արժէքների, մարդու հիմնարար իրաւունքների ու ազատութիւնների պաշտպանութեան, յանուն սեփական հողում ազատ ու անկախ ապրելու մեր բնական իրաւունքի լիարժէք իրացման»:

Ան իր ուղերձին մէջ նշած է, որ ամբողջ աշխարհի աչքին առջեւ այսօր Ատրպէյճանը կը շարունակէ բացայայտ կերպով Արցախի ժողովուրդին հանդէպ իրականացնել «հայատեաց ու ռազմատենչ քաղաքականութիւն` կոպտօրէն խախտելով ու ոտնահարելով համընդհանուր ընդունուած ու ճանաչուած միջազգային իրաւունքի բոլոր կանոններն ու սկզբունքները»:

Յարութիւնեանը ընդգծած է, որ աշխարհի յառաջադէմ մարդկութիւնը պէտք է կանգնի Արցախի խաղաղ բնակչութեան կողքին, որ հաստատակամ է իր որոշման մէջ` «ապրել եւ արարել իր նախնիների հողում»:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը Ապրիլ 24-ին հանրապետութեան երրորդ նախագահ Բակօ Սահակեանի, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Տ. Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեանի ու երկրի բարձրաստիճան ղեկավարութեան հետ այցելած է Ստեփանակերտի յուշահամալիր եւ ծաղիկներ դրած՝ Մեծ Եղեռնի անմեղ զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին: Այս մասին տեղեկացուցին Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն:

Karekin-II-April-24

Ապրիլ 24-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններուն ուղեկցութեամբ այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր` ոգեկոչելու Հայոց Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն յիշատակը:

Ծաղկեպսակի զետեղումէն յետոյ յուշահամալիրին մէջ` անմար կրակին առջեւ, Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու բարեխօսական կարգ:

Օրուան առիթով Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր բերուած էր նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան սրբոց նահատակաց մասունքարանը:

44-օրեայ պատերազմէն յետոյ եղած մարտահրաւէրներուն մասին իր ուղերձին մէջ խօսած է նաեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը:

«Մեր սուրբ նահատակների յիշատակի առջեւ նուիրական մեր պարտքն է համախմբուել եւ պաշտպանել արցախահայ մեր ժողովրդի ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքը, Հայաստան ու Արցախ մեր աշխարհի անվտանգութիւնը, կանխել Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներում հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան բարբարոսաբար ոչնչացումը, որ չկրկնուի Նախիջեւանում իրագործուած մշակութային եղեռնը», նշած է Գարեգին Երկրորդը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment