Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հաւատարիմ Մնանք Մեր Նահատակներու Պատգամին

Հաւատարիմ Մնանք Մեր Նահատակներու Պատգամին

by MassisPost

107 տարի անցած է այն սեւ թուականէն, երբ ծայր առաւ Հայ ժողովուրդի զանգուածային տեղահանումը ու ցեղասպանութիւնը` կանխամտածուած ու կազմակերպուած Երիտասարդ Թուրքերու իշխանութիւններուն կողմէ, խլելով շուրջ երկու միլիոն հայերու կեանքն ու զանոնք արմատախիլ ընելով իրեն դարաւոր հայրենիքէն ու պապենական հողերէն:

Այդ օրերուն Հայ ժողովուրդը ապրեցաւ իր  պատմութեան ամենէն սարսափելի ժամանակաշրջանը: Օսմանեան Թուրքիան ծրագրեց ու գործադրութեան դրաւ իր հայաջինջ քաղաքականութիւնը` յուսալով այդպիսով լուծել Հայկական հարցը ու ճզմել Հայ ժողովուրդի ազատութեան ու անկախութեան ձգտումները:

Դար մը ու աւելի մեր ժողովուրդը տակաւին չէ գտած իր ներքին անդորրութիւնը ու կը շարունակէ ապրիլ պատմական այդ ճնշող իրականութեան ծանր բեռին տակ` սերունդէ-սերունդ փոխանցելով իր նահատակներու կտակին հաւատարիմ մնալու, արդարութիւն ու հատուցում պահանջելու պարտականութիւնը:

Ինչպէս ամէն տարի,  մեր ժողովուրդը դարձեալ կը հաւախմբուի  տարբեր մայրաքաղաքներու հրապարակներուն վրայ ոգեկոչելու սրբացած մեր Նահատակներուն անմահ յիշատակը  եւ բողոքելու Թուրք պետութեան կողմէ շարունակուող` ժխտողական քաղաքականութեան դէմ, հակառակ որ աշխարհի ազդեցիկ գրեթէ բոլոր երկիրները հաստատած ու ճանչցած են Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը` որպէս 20-րդ դարու առաջին պետականօրէն գործադրուած զանգուածային կոտորած:

Անցեալ տարի այս օրերուն, շնորհիւ Ամերիկահայութեան երկարամեայ քարոզչական աշխատանքներուն ու քաղաքական պայքարներուն, Միացեալ Նահանգները նախագահական մակարդակով  ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:  Հակառակ թրքական կառավարութեան սպառնալիքներուն  նախագահ Ճօ Պայտըն եկաւ իր ձայնը միացնելու  Գոնկրէսի երկու պալատներուն, որոնք  գրեթէ միաձայնութեամբ ընդունած բանաձեւերով հաստատած էին Ցեղասպանութեան փաստը:

Սկզբնական շրջանին թրքական իրարյաջորդ կառավարութիւնները որդեգրած էին անտեսումի քաղաքականութիւնը խորհելով, թէ այդպիսով կրնան մոռացութեան մատնել Հայկական Ցեղասպանութիւնը: Ներկայիս անոնք կը վարեն ժխտողական ընթացք, սակայն այդ եւս կը մատնուի ձախողութեան: Բազմաթիւ  երկիրներ կու գան միանալու` իրերը իրենց անունով կոչելու ու պատմական իրողութիւնները  վերահաստատողներու փաղանգին: Ոչ միայն այդ, այլ եւ թուրք մտաւորականներ կ’ընդունին, կ’ոգեկոչեն ու ափսոսանք կը յայտնեն որ, իրենց նախահայրերը նման ոճիրներ գործած են Թուրքիոյ մէջ ապրող ժողովուրդի մը դէմ:

Թրքական պետութիւնը մնալով անպատիժ, նախընթաց կ’ստեղծէ այլ ցեղասպանութիւններու, որոնք կը գործադրուին միջեւ օրս` երկրագունդի տարբեր անկիւններու մէջ: Հայութիւնը իր ձայնը բարձրացնելով կը պաշտպանէ ո’չ միայն իր իրաւունքները, այլ եւ աշխարհի ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ բոլոր իրաւազրկուած ժողովուրդներու  տառապանքներուն վրայ:

Թուրքիա մինչեւ օրս կը շարունակէ իր թշնամական վերաբերմունքը Հայ ժողովուրդին դէմ: Արցախեան վերջին պատերազմին թրքական բանակի  գործնական մասնակցութիւնը ատոր մէկ վառ օրինակը հանդիսացաւ: Ան կը շարունակէ փակ պահել Հայաստանի հետ իր սահմանը ու կը մերժէ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատել Երեւանի հետ: Այս հարցերը լուծելու նպատակով վերջերս սկսած բանակցութիւնները կը մնան տեղապտոյտի մէջ եւ Հայութիւնը կը մնայ թերահաւատ թրքական կողմի  անկեղծութեան ու պատրաստակամութեան:

Թուրքիոյ հեռաւոր նպատակը կը շարունակէ մնալ փանթուրանական աշխարհի մը ստեղծումը, որուն առջեւ խոչընդոտ կանգնած է փոքրիկ Հայաստանը: Դժբախտաբար Ռուսաստանն ու Արեւմուտքը, որոնք եւս մտահոգուած պէտք է ըլլան թրքական ծաւալապաշտական նկրտումներով, անհրաժեշտ աջակցութիւնը կը զլանալ տալ Հայութեան:

Աշխարհ այսօր կ’ենթարկուի նոր դասաւորումներու, որոնց լոյսին տակ Հայաստան ստիպուած է վարել խիստ զգուշաւոր քաղաքականութիւն, երկիրը հեռու պահելու համար նոր վտանգներէ: Ներկայ կացութիւնը դիմակայելու համար անհրաժեշտ է ներքին համերաշխութիւն: Ապրիլ 24-ի օրը լաւագոյն առիթն է խորհրդածութեան եւ գիտակցութեան, որ հաւատարիմ պէտք է մնանք մեր նահատակներու պատգամին, որ մեզ կը թելադրէ ու կը պարտաւորեցնէ ըլլալ համախմբուած ու միասնական:

Յարգանք` Հայ ժողովուրդի բոլոր ժամանակներու նահատակներուն:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment