Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Ինքնիշխանութեան Հետ Կապուած Որեւէ Հարց Չէ Քննարկուած. Գէորգ Պապոյեանը` Վարչապետի Մոսկովեան Այցին Եւ Ստորագրուած Փաստաթուղթերուն Մասին

Հայաստանի Ինքնիշխանութեան Հետ Կապուած Որեւէ Հարց Չէ Քննարկուած. Գէորգ Պապոյեանը` Վարչապետի Մոսկովեան Այցին Եւ Ստորագրուած Փաստաթուղթերուն Մասին

by MassisPost

«Այս այցի բնոյթը, որպէս պաշտօնական այց, եւ ստորագրուած փաստաթղթերի քանակը վկայում են, որ հայ-ռուսական յարաբերութիւնները գտնւում են ամենաբարձր մակարդակի վրայ եւ շարունակում են խորանալ ու զարգանալ», ըսաւ Ազգային Ժողովի «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Գէորգ Պապոյեանը, մեկնաբանելով ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի այցը Մոսկուա եւ ստորագրուած 30-կէտնոց հայ-ռուսական համագործակցութեան փաթեթը:

Հարցին, թէ կա՞ն արդեօք այդ փաստաթուղթերուն մէջ վտանգաւոր կէտեր, Գէորգ Պապոյեան ըսաւ, թէ որեւէ վտանգաւոր կէտ չկայ,  հակառակը` կան շարք մը կէտեր, որոնք կը վկայեն հայ-ռուսական յարաբերութիւններու ռազմավարական գործընկերութեան բնոյթի բարձր մակարդակի մասին եւ միտուած են մեր հետագայ համագործակցութեան շարունակման, որոնք պէտք է նպաստեն ի շահ երկու պետութիւններու տնտեսական եւ ռազմատեխնիկական յարաբերութիւններու խորացման:

Խօսելով նաեւ այն մասին, որ Նիկոլ Փաշինեանի որեւէ այցէ առաջ ընդդիմութիւնը կը սկսի գուժել հայ-ռուսական յարաբերութիւններու վատթարացման կամ տարածք յանձնելու մասին, Գէորգ Պապոյեան ըսաւ, որ նոյն ընդդիմութիւնը կարծես չի գիտեր, թէ ինչ ըսած է անկէ երեք կամ չորս ամիս առաջ. «Այո՛, այս հանդիպումից առաջ գուժում էին, որ հայ-ռուսական յարաբերութիւնները շատ վատ վիճակում են, ինչ-որ մի ժամանակ առաջ նշում էին, որ այդ վատ վիճակի լինելու հետեւանք է, որ պաշտօնական այց տեղի չի ունենում»:

«Բայց փաստացի նախ` տեսանք, որ եղաւ այդ այցը, եւ երկրորդ` այցը շատ յագեցած էր եւ շատ ջերմ մթնոլորտում է անցնում, որովհետեւ մէկ բան է պարզապէս պաշտօնական այցը, մէկ այլ բան է, որ միջանձնային յարաբերութիւնները, երեւում է, զգացւում է, որ շատ բարձր մակարդակի վրայ են, եւ պետութեան առաջնորդն արժանանում է ամենաբարձր մակարդակի ջերմ ընդունելութեան», ըսաւ պատգամաւորը:

Ան նշեց, որ երբ այցի բովանդակութիւնը շատ կարեւոր է, եւ երբ բազմաթիւ կարեւոր փաստաթուղթեր ստորագրուեցան, հիմա ալ նոյն ընդդիմութեան շրջանակները իրենց ներդաշնակութեան տակ գտնուող այլ կեղծ անձնաւորութիւններու եւ այլ փորձագէտներու միջոցով կ’ուզեն գուժել, որ ամենաբարձր մակարդակով ընդունելութեան մէջ կասկածներ կան, թէ կրնայ ըլլալ, որ Հայաստանի ինքնիշխանութեան հետ կապուած հարցեր քննարկուած են:

«Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան հետ կապուած որեւէ հարց չի քննարկուել, ՀՀ-ն եւ ՌԴ-ն, որպէս երկու ինքնիշխան, իրաւահաւասար, ռազմավարական գործընկերներ, դաշնակիցներ, հանդիպել են իրար հետ եւ հանդիպելու են իրար հետ», ըսաւ Գէորգ Պապոյեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment