Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Դեսպանը Վերադարձած Է Իսրայէլ

Հայաստանի Դեսպանը Վերադարձած Է Իսրայէլ

by MassisPost

Աւելի քան մէկուկէս տարուայ ընդմիջումէ յետոյ Իսրայէլի մէջ Հայաստանի դեսպանը վերադարձած է Թել Աւիւ` իր հաւատարմագրերը յանձնելով նախագահ Եիցխակ Հերցոկին:

Հայաստանի Արտաքին Գործերու Նախախարութեան հաղորդմամբ, Հերցոկը եւ դեսպան Արման Յակոբեանը զրուցած են երկկողմ յարաբերութիւններու, հայ եւ հրեայ ժողովուրդներու բազմադարեայ կապերու եւ ընդհանրութիւններու, Իսրայէլի մէջ բնակող հայ համայնքին մասին:

Յակոբեանը, որ կը տիրապետէ եբրայերէնին ու արաբերէնին, անցեալ տարուայ Դեկտեմբերին նշանակուած էր Իսրայէլի մէջ Հայաստանի դեսպան: Մօտ 30-ամեայ դիւանագիտական աշխատանքի ընթացքին եղած է Արտաքին Գործերու Նախարարութեան Մերձաւոր Արեւելքի, այնուհետեւ` Ամերիկայի Վարչութեան պետ, 2020-2021 թուականներուն Պրազիլի մէջ Հայաստանի դեսպանն էր:

Թէ պաշտօնական Երեւանը ինչո՞ւ որոշեց նոր դեսպան գործուղել Իսրայէլ, Արտաքին Գործերու Նախարարութենէն հնարաւոր չեղաւ պարզել:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment