Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ Ապրիլ 8-ին Անվտանգութեան Խորհուրդի հերթական նիստը տեղի ունեցած է:
Քննարկուած են հանրապետութեան մէջ ստեղծուած ռազմաքաղաքական իրավիճակը, տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցած վերջին զարգացումները ու անոնց հնարաւոր ազդեցութիւնը Արցախի վրայ:
Շփման գիծին վրայ տիրող իրավիճակին վերաբերեալ, նախ, զեկուցմամբ հանդէս եկած է պաշտպանութեան նախարար Կամօ Վարդանեանը` ընդգծելով, որ որոշակի լարուածութեան լոյսին տակ վերջին օրերուն մարտավարական իրավիճակը յարաբերական կայուն է:
Երկրին ղեկավարը նշած է, որ կը շարունակուին աշխոյժ ջանքերու ներդրումը Արցախի մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան պահպանման ուղղութեամբ, եւ այդ առումով միտումները բաւականին դրական են:
«Ի հարկէ, ռուսական կողմի հետ շարունակում ենք ջանքերը Ասկերանի շրջանի Փառուխ գիւղից եւ Քարագլխի բարձունքից ատրպէյճանական զօրքերին ելման դիրքեր վերադարձնելու ուղղութեամբ: Կ’ուզէի միաժամանակ փաստել, որ Ռուսաստանի Դաշնութիւնը քանիցս վերահաստատել է իր յանձնառութիւնը երաշխաւորելու Արցախի ժողովրդի անվտանգութիւնը խաղաղապահ զօրակազմի ու ռազմաքաղաքական այլ մեխանիզմների միջոցով: 2020 թուականի Նոյեմբերի 9-ին ստորագրուած եռակողմ փաստաթղթի դրոյթները շարունակում են գործել, եւ այդ տրամաբանութեան հիման վրայ մեր հայրենիքում շարունակելու ենք մեր խաղաղ կեանքի կառուցումը` միեւնոյն ժամանակ մշտապէս բարելաւելով մեր անվտանգութեան ապահովման սեփական մեխանիզմների արդիւնաւէտութիւնը», ըսած է նախագահ Յարութիւնեանը:
Արայիկ Յարութիւնեանը շեշտած է նաեւ, որ հաշուի առնելով նոր իրողութիւնները եւ մարտահրաւէրները լայն տարածաշրջանին մէջ` կառավարութեան ուշադրութեան կեդրոնին պիտի ըլլայ երկրի պաշտպանութեան եւ քաղաքացիական պաշտպանութեան ուղղութեամբ տարբեր ծրագրերու իրականացումը:
Նիստին ընթացքին քննարկուած է նաեւ խորհրդարանական ուժերու ներգրաւմամբ Ազգային Ժողովին մէջ հասարակական-քաղաքական բաց հարթակ ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը, որուն նպատակն է հանրային տարբեր շրջանակներու հետ պարբերաբար հաղորդակցութեան ու քննարկումներու կազմակերպումը` երկրին մէջ ստեղծուած ռազմաքաղաքական զարգացումներուն վերաբերեալ: Հարթակին յառաջիկային կրնան միանալ բոլոր ցանկացողները` դիմելով Ազգային Ժողովի աշխատակազմին:
Անվտանգութեան Խորհուրդի հերթական նիստին ընթացքին քննարկուած շարք մը հարցերու վերաբերեալ հանրապետութեան նախագահին կողմէ տրուած են յստակ յանձնարարականներ: