Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի Շքեղ Ընդունելութիւնը – Ցարդ Հանգանակուած է 31 Միլիոն Տոլար

Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի Շքեղ Ընդունելութիւնը – Ցարդ Հանգանակուած է 31 Միլիոն Տոլար

by MassisPost

Համավարակի պատճառով քանի մը տարիէ ի վեր յետաձգուած Հայ-Ամերիկեան թանգարանի աւանդական միջոցառումը տեղի ունեցաւ անցեալ Կիրակի Մարտ 27-ին, 2022, Լոս Անճելոսի Մարիոթ հիւրանոցի   սրահին մէջ: Աւելի քան հազար հոգիներու ներկայութիւնը, բացառիկ երեւոյթ մը պարզած էր, քանի որ մեր գաղութը նման խճանկարային տեսարաններու առջեւ չէր գտնուած երկար ատենէ մը ի վեր…:

Ընդարձակ եւ համապարբակ սրահն օժտուած էր մեծադիր եւ լայնապաստառ գեր-արդիական հեռուստապաստառներով, հաղորդակցութիւնը աւելի մատչելի դարձնելու համար:

Ճաշկերոյթ-ընդունելութեան ընթացքին գործադրուեցաւ ինքնատիպ եւ պատշաճ յայտագիր մը, որուն գործադրութիւնը ձեռնհասօրէն վարեց Հայ-Ամերիեան թանգարանի հոգաբարձութեան գործադիր տնօրէն Շանթ Սահակեան: ԱՄՆ-ի եւ Հայաստանի պետական հիմներու ունկնդրութենէն ետք՝ ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին Արցախի 44 օրուան պատերազմին եւ վերջին օրերուն նահատակուած զինուորներու յիշատակը:

Հայ-Ամերիկեան թանգարանի հոգաբարձուներու խորհորւդի գործադիր նախագահ Պերճ Կարապետեան հակիրճ զեկուցով մը ողջունեց ներկաները եւ ամփոփ ձեւով ներկաները իրազեկ դարձուց թանգարանի շինութեան գործընթացի մասին:

Կլենտէյլի քաղաքապետուհի Փոլա Տիվայն ջերմօրէն ողջունեց թանգարանի շինութեան նախաձեռնողները եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց օգտաշատ աշխատանքներուն:

ԱՄՆ-ի Գոմկրեսի անդամ Ատամ Շիֆ իր ելոյթին էջ բարձր գնահատեց հայ ժողովուրդին ունեցած դրական ներդրումը հայրենակերտումի գործընթացին մէջ:

Գալիֆորնիոյ Ծերակոյտիանդամ Անթոնիօ Փորթանթինոն հպարտառիթ երեւոյթ մը գոչեց թանգարանի շինութիւնը եւ յայտնեց որ մեծ ուրախութեամբ պիտի փափաքէր ներկայ գտնուիլ անոր բացումին:

Այս առթիւ հակիրճ ելոյթներով հանդէս եկան նաեւ հոգաբարձական խորհուրդի անդամներ իրաւաբան Թալին Եագուպեան, Աւետիք Իզմիրլեան, Տօքթ. Ռաֆֆի Պալեան, Գաբրիէլ Մոլոյեան, Զաւէն Գազազեան, Տոքթ. Նազարէթ Տարագճեան եւ տարբեր յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ:

Թէեւ տեղւոյն վրայ դրամական նուէրներ չյայտարարուեցան, սակայն կ՝իմանանք որ ցարդ հաւաքուած է աւելի քան 31 միլիոն տոլար: Այսուհանդերձ ծանուցուեցաւ հետեւեալ բաժանմունքներու նուիրատուներու անունները.
Ճէք եւ Մարօ Գալայճեան՝ – հանդիսասրահ
Գեւոնեան ընտանիք -Նուէրներու խանութ
Առաքելեան ընտանիք – Գլխաւոիր Մուտքը
Մկրուպեան ընտանիք՝ Արխիւներու բաժանմունք
GASKA Alliance Fund Հայկական Այբուբեն (քանդակ պատի վրայ):

Ներկաները մեծ հետաքրքրութեամբ դիտեցին տաղանդաւոր նկարիչներ Ռիւպի Վարդանի, Վերա Արիւթիւնեանի եւ Աննա Կոստանեանի ստեղծագործութիւնները, որոնց մասին համադրութիւնը կատարեց Արա Օշական:

Գործադրուեցաւ նաեւ օրուան պատշաճ գեղարուեստական յայտագիր մը՝ մասնակցութեամբ Allen G նուագախումբին եւ երիտասարդ ու խոստմնալից շնորհալի մենակատարներուն£

Կը շնորհաւորենք սոյն յիշատակելի յաջող ձեռնարկի կազմակերպիչները մասնաւորաբար՝ յանձնախումբի համանախագահներ՝ Ալեքսիա Գեւոնեանն ու Ալին Պարան Օրունճագճիէլը:

Ներկաները սրահէն բաժնուեցան համահայկական միասնականութեան եւ համերաշխութեան արգասիքն եղող բարձրորակ ձեռնարկի մը լաւագոյն տպաւորութիւններով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment