Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան Բանակի Դուրսբերումը Կը Նշանակէ ԼՂ-էն Հայերու Դուրսբերում

Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան Բանակի Դուրսբերումը Կը Նշանակէ ԼՂ-էն Հայերու Դուրսբերում

by MassisPost

«Ինչպէս 44-օրեայ պատերազմից առաջ, դրա ընթացքում, այնպէս էլ պատերազմից յետոյ Ատրպէյճանը վարում է Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ ռազմական յարձակումը հիմնաւորող խօսոյթի ձեւաւորման քաղաքականութիւն», Մարտ 31-ին, կառավարութեան  հերթական նիստին ընթացքին յայտարարեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան` պարզաբանելով ՀՀ Անվտանգութեան Խորհուրդի յայտարարութիւնը, եւ յաւելեց, որ Ատրպէյճանը հանրային հարթակ կը նետէ թեզեր, առաջարկութիւններ, ապա Հայաստանը կը մեղադրէ այդ թեզերուն, առաջարկներուն կամ մեկնաբանութիւններուն չարձագանգելու կամ ապակառուցողական կերպով արձագանգելու համար, այնուհետեւ Հայաստանին կը վերագրէ ինչ-որ խոստումներ, կը բանահիւսէ ինչ-որ պայմանաւորուածութիւններ:

Վարչապետին խօսքով` ակնյայտ է, որ Ատրպէյճանը իր բազմիցս կրկնուող գործելակերպով կը փորձէ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի դէմ լայնամասշտաբ պատերազմի օրինականութիւն ձեւաւորել: «Իմ այսօրուայ նպատակը այդ խօսոյթի անհիմն եւ ոչ-օրինական լինելը ի ցոյց դնելն է», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան եւ աւելցուց, որ երբեմն էական դերակատարում կը ստանայ կեղծ լուրը: Այդ ծիրին մէջ վարչապետը յիշեցուց, որ Ատրպէյճանը աղաղակող ապատեղեկատուութիւն կը տարածէ, թէ իբր Հայաստանը իր բազմագործուն օդանաւները տրամադրած է Ռուսաստանին՝ Ուքրանիոյ մէջ օգտագործելու համար. «Մեր Սու-երը մեր երկրի սահմանները ոչ մի անգամ չեն լքել»:

Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ ամէնէն շատ շահարկուածը Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան թեման է. «Ատրպէյճանը շարունակ պնդում է, թէ ՀՀ-ն անարձագանգ է թողնում այդ հարցը, իր 5-կէտանոց առաջարկները, ինչը բացարձակապէս չի համապատասխանում իրականութեանը, որովհետեւ ես բազմիցս հրապարակաւ յայտարարել եմ ՀՀ պատրաստակամութիւնը Ատրպէյճանի հետ կնքելու խաղաղութեան պայմանագիր. ՀՀ-ն արձագանգել է թէ աշխատանքային, թէ դիւանագիտական խողովակներով»:

Ինչպէս նշեց վարչապետը, Ատրպէյճանը ՀՀ արձագանգը կը համարէ արձագանգի բացակայութիւն, քանի որ Հայաստանը յայտարարած է, որ կայ ԼՂ հիմնախնդիր, եւ Հայաստան-Ատրպէյճան համապարփակ կարգաւորման ծիրին մէջ պէտք է հասցէագրուի ԼՂ հայութեան իրաւունքներու հարցը, եւ միջազգային հանրութիւնն ալ կը խօսի ԼՂ հիմնախնդիրի համապարփակ կարգաւորման մասին, մինչդեռ Ատրպէյճանը կը համարէ, որ ԼՂ հարցը լուծուած է. «Ատրպէյճանը փորձում է ոչ թէ լուծել ԼՂ հիմնախնդիրը, այլ՝ փակել այն, եւ այս գործողութիւնն է մեկնարկել Ասկերանի շրջանի Փառուխ գիւղից, որը շարունակուելու ակնյայտ միտում ունի: Ատրպէյճանը փորձում է բոլոր հայերին հանել Լեռնային Ղարաբաղից` այդպիսով հարցը փակուած համարելու համար»:

Անդրադառնալով Ատրպէյճանի պահանջի ձեւակերպման` Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց. «Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակի դուրսբերումը նշանակում է ԼՂ-ից հայերի դուրսբերում: Փառուխի իրադարձութիւններն են վկայում, որ ԼՂ հայութիւնը պաշտպանուելու կարիք ունի, այլապէս կը դառնայ Ցեղասպանութեան զոհ»:

Ատրպէյճանը կը խեղաթիւրէ Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան 9-րդ կէտը, որ կը վերաբերի տարածաշրջանի բոլոր ճանապարհային եւ տնտեսական կապերու վերականգնման եւ Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջանները Նախիջեւանին կապող ճանապարհի գործարկման, յայտարարեց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

Ան յիշեցուց, որ Հայաստանը այս մասով առաջարկներ ներկայացուցած է, որոնց էութիւնը հետեւեալն է` վերակառուցել Երասխ-Ճուլֆա-Օրտուպատ-Մեղրի-Հորատիզ երկաթուղին, վերաբանալ կամ կառուցել ինքնաշարժներու համար ճանապարհ, որ նաեւ պիտի կապէ Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջանները Նախիջեւանի հետ:

Նիկոլ Փաշինեան նաեւ յայտնեց, որ Ատրպէյճանը համաձայն է այս ճանապարհի գործարկման որեւէ իրաւական կարգի, բայց նոյն կարգը պէտք է գործէ նաեւ Լաչինի միջանցքին պարագային եւ այս դիրքորոշումը հիմնաւորելու համար յղում կ’ընեն Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան.

«Այս խօսոյթը անհիմն է երկու պատճառով, նախ` Նոյեմբերի 9-ի յայտարարութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան որեւէ տարածքի եւ դրա հետ առնչութիւն ունեցող միջանցքի մասին յիշատակում չկայ, բայց «Լաչինի միջանցք» արտայայտութիւն կայ: Լաչինի միջանցքը ոչ թէ կամ ոչ միայն ճանապարհ է, այլեւ՝ տարածք, որը ունի 5 քիլոմեթր լայնութիւն: Այդ ողջ տարածքը ըստ եռակողմ յայտարարութեան գտնւում է ՌԴ խաղաղապահ ուժերի վերահսկողութեան ներքոյ: Եռակողմ յայտարարութեան 9-րդ կէտում Հայաստանի որեւէ տարածքի նկատմամբ որեւէ այլ երկրի վերահսկողութեան դրոյթ պարզապէս գոյութիւն չունի: Բացի սա` Լեռնային Ղարաբաղի եւ Նախիջեւանի զուգահեռները տարօրինակ են` մի քանի պատճառներով: Նախ` Նախիջեւանը Ատրպէյճանի հետ ունի ցամաքային կապ` Իրանի եւ Թուրքիայի տարածքով, օդային կապ` Իրանի, Թուրքիայի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան օդային տարածքով:

Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանի հետ ունի միայն ցամաքային կապ, միայն Լաչինի միջանցքով եւ Լաչինի միջանցքը Ատրպէյճանի կողմից որեւէ կերպ վերահսկուող տարածք դարձնելը նշանակում է միայն մէկ բան` Լեռնային Ղարաբաղի հայաթափում», ընդգծեց Փաշինեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment