Հայաստանի ու Ատրպէյճանի ղեկավարներու յաջորդ շաբաթ Պրիւքսէլի մէջ կայանալիք հանդիպման ընդառաջ, պաշտօնական Երեւանը այսօր կրկին յայտարարեց` Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը սկզբունքային է:
Տարածաշրջանային այցով Հայաստան գտնուող ԵԱՀԿ գործող նախագահ, Լեհաստանի արտաքին գործերու նախարար Զպիկնեւ Ռաուի հետ հանդիպումէն յետոյ համատեղ ասուլիսին ընթացքին, արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավար Արարատ Միրզոյեան նաեւ ընդգծեց, որ Երեւանը կ’ակնկալէ, որ Ուքրանիոյ մէջ ծաւալած ռազմական գործողութիւնները ԵԱՀԿ օրակարգէն դուրս չեն թողեր Ղարաբաղի հակամարտութիւնը:
«Ինչպէս գիտէք, Ատրպէյճանը որոշակի առաջարկներ է փոխանցել հայկական կողմին, մենք այս առաջարկները համարել ենք ընդունելի` միաժամանակ ասելով, որ դրանք այնուամենայնիւ ամբողջապէս չեն հասցէագրում խնդիրների ողջ օրակարգը: Եւ մենք մեր առաջարկներով ամբողջացրել ենք այս օրակարգը` աւելացնելով, որ մեզ համար սկզբունքային է Լեռնային Ղարաբաղի իրաւունքների եւ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը: Ակնկալում ենք, որ ԵԱՀԿ Մինսքի համանախագահութիւնը յառջիկայում այունամենայնիւ կը կարողանայ կազմակերպել խաղաղ բանակցութիւններ այս օրակարգով եւ համապարփակ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու նպատակով», նշեց Միրզոյեան:
«Ուզում եմ վերահաստատել հայկական կողմի պատրաստակամութիւնը՝ սահմանագօտում ձեռնարկել կայունութեան բարձրացման քայլեր եւ այնուհետեւ ձեռնամուխ լինել նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման գործընթացի մեկնարկին: Ուզում եմ նշել նաեւ, որ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ, ինչպէս գիտէք, ընթանում են բանակցութիւններ, խորհրդակցութիւններ ճանապարհային եւ տնտեսական ուղիների ապաշրջափակման վերաբերեալ, եւ այստեղ եւս մենք հանդէս ենք եկել առաջարկներով եւ սպասում ենք Ատրպէյճանի արձագանգին», ըսաւ նախարար Միրզոյեան:
Անդրադառնալով Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին, Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարը յիշեցուց, որ նախորդ ամիս ցուրտ եղանակային պայմաններու մէջ Ատրպէյճանը երկու անգամ անջատած էր Արցախի կազամատակարարումը, իսկ Մարտ 24-էն ատրպէյճանական զինուած ուժերը ներխուժած են Ասկերանի շրջան:
Միրզոյեանը եւս մէկ անգամ ընդգծեց, որ, չնայած Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու յորդորներուն ու ռուսական կողմի հաւաստիացումներուն, ատրպէյճանական զինուժը առայսօր կը շարունակէ մնալ ռուս խաղաղապահներու պատասխանատուութեան գօտիին մէջ:
Պաքուէն Երեւան ժամանած եւրոպացի բարձրաստիճան դիւանագէտը վստահեցուց, որ ԵԱՀԿ-ը յանձնառու է նպաստելու Հարաւային Կովկասի խաղաղութեան ու կայունութեան. «Զիս լրջօրէն կ’անհանգստացնէ, որ տարածաշրջանին մէջ անվտանգային իրավիճակը կը մնայ շատ փխրուն, եւ այս իմ ամենակարեւոր ուղերձներէն մէկն էր հիւրընկալող կողմին: Մեր զրոյցը կեդրոնացած էր տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի եւ այն ուղիներու բացայայտման վրայ, թէ ինչպէս ընդլայնել ԵԱՀԿ ներգրաւուածութիւնը Հայաստանի հետ եւ Հայաստանի մէջ»:
Զպիկնեւ Ռաու նաեւ նշեց, որ կ’աջակցին Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ երկխօսութեան` հասնելու առկայ բոլոր խնդիրներու համապարփակ լուծման. «Յոյսով ենք, որ յառաջընթացը հնարաւոր է, մասնաւորապէս` մարդասիրական հարցերու մէջ, օրինակ` պահուող անձերու ազատ արձակում, անհետ կորսուածներու մասին տեղեկութեան տրամադրում, ականազերծում, պատմական ու մշակութային տարածքներու պահպանում»: