Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԵԱՀԿ Պիտի Շարունակէ Ջանքերը` Նպաստելու ԼՂ Հակամարտութեան Բացառապէս Խաղաղ Կարգաւորման

ԵԱՀԿ Պիտի Շարունակէ Ջանքերը` Նպաստելու ԼՂ Հակամարտութեան Բացառապէս Խաղաղ Կարգաւորման

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ու ԵԱՀԿ գործող նախագահ Զպիկնեւ Ռաու անդրադարձած են Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին ստեղծուած իրավիճակին: Կարեւորելով ԼՂ հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորումը ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահութեան շրջանակին մէջ, անոնք նշած են Արցախի բնակչութեան հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան կարեւորութիւնը:

Զպիկնեւ Ռաու նշած է, որ ԵԱՀԿ-ը պիտի շարունակէ ջանքերը` նպաստելու ԼՂ հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ կարգաւորման ու Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան ապահովման:

Անոնք քննարկած են նաեւ միջազգային ասպարէզին մէջ տեղի ունեցող գործընթացները:

Տարածաշրջանային այցով Հայաստան գտնուող ԵԱՀԿ գործող նախագահ, Լեհաստանի արտաքին գործերու նախարար Ռաուի հետ հանդիպումէն յետոյ համատեղ ասուլիսի ընթացքին, արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավար Արարատ Միրզոյեանն ալ ընդգծած է, որ Երեւան կ՛ակնկալէ, որ Ուքրանիոյ մէջ ծաւալած ռազմական գործողութիւնները ԵԱՀԿ օրակարգէն դուրս չեն թողեր Ղարաբաղի հակամարտութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment