Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արսէն Յարութիւնեանը եւ Մալխաս Ամոյեանը Յաղթեցին Թուրք Ըմբիշներուն եւ Դարձան Եւրոպայի Ախոյեաններ

Արսէն Յարութիւնեանը եւ Մալխաս Ամոյեանը Յաղթեցին Թուրք Ըմբիշներուն եւ Դարձան Եւրոպայի Ախոյեաններ

by MassisPost

Հայաստանի ազատ ոճի ըմբիշ Արսէն Յարութիւնեանը Մարտ 31-ին ոսկի մեդալ նուաճեց Պուդապեշտի մէջ ընթացող ըմբշամարտի Եւրոպայի առաջնութեանը:

61 քկ քաշային կարգի եզրափակիչ մրցամարտին մեր ըմբիշը ժամանակեն շուտ յաղթանակ տարաւ թուրք Սուլեյման Աթլիի նկատմամբ` 15:3:

Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Մալխաս Ամոյեանը եւս ոսկի մեդալ նուաճեց Պուդապեշտի մէջ ընթացող ըմբշամարտի Եւրոպայի առաջնութեանը:

Մեր 77 քկ քաշային մարզիկը եզրափակիչին 4:3 հաշուով կամային յաղթանակ տարաւ թուրք Եոնուս Բաշրայի նկատմամբ, չնայած առաջին խաղափուլէն ետք կը զիջեր 0:3 հաշուով:

Այդպիսով, Մալխաս Ամոյեանն առաջին ոսկի մեդալը բերաւ Հայաստանի հաւաքականին: Վաղը մեր երկու ըմբիշները կը պայքարին բրոնզէ մեդալ համար:

Յիշեցնենք որ կիսաեզրափակիչ մենամարտին Մալխաս Ամոյեանը պարտութեան մատնած էր Ազրպէյճանցի մրցակիցին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment