Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Թուրքիան Ու Ատրպէյճանը Պատրաստ Են Բանալու Հայաստանի Հետ Սահմանները. Չաւուշօղլու

Թուրքիան Ու Ատրպէյճանը Պատրաստ Են Բանալու Հայաստանի Հետ Սահմանները. Չաւուշօղլու

by MassisPost

Ատրպէյճանը Հայաստանին առաջարկած է համապարփակ խաղաղութեան պայմանագիր. Հայաստանը պէտք է անոր դրական արձագանգէ:

Այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն թրքական հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցին մէջ:

«Ես կ’ուզէի, որ մենք երեքով (Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարները) հանդիպէինք Անթալիոյ մէջ, բայց հնարաւոր չեղաւ նման հանդիպում կայացնել: Սա միայն սկիզբն է, երկար տարիներ յարաբերութիւններ հաստատուած չեն եղած, մէկ օրուայ մէջ ամէն ինչ հնարաւոր չէ կազմակերպել», ըսած է Չաւուշօղլուն:

Խօսելով սահմաններու բացման մասին` Չաւուշօղլուն յայտնած է, որ իրենք պատրաստ են անոր:

«Պատերազմը աւարտած է, անկէ դասեր քաղել է պէտք: Կովկասի մէջ կայունութեան հաստատման համար քայլեր պէտք է ձեռնարկուին: Թէ՛ մենք, թէ՛ Ատրպէյճանը կը բանանք մեր սահմանները: Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կը կարգաւորուին: Ընտրութենէն յետոյ դրական ազդակներէն բացի, յատուկ ներկայացուցիչներ նշանակեցինք, որոնք երկու անգամ հանդիպեցան, բայց մշտապէս հեռախօսազրոյց կ’ունենան: Վստահութիւնը աւելցնելու ուղղուած քայլեր կատարեցինք, թռիչքները վերսկսան», ըսած է Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարարը` յաւելելով, որ երկաթուղիի վերաբացման համար եւս աշխատանքներ կը տարուին, կան նաեւ այս ուղղութեամբ քաղաքական շփումներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment