Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեանն Ու Ալիեւը Յաջորդ Շաբաթ Պիտի Հանդիպին Պրիւքսէլի Մէջ

Փաշինեանն Ու Ալիեւը Յաջորդ Շաբաթ Պիտի Հանդիպին Պրիւքսէլի Մէջ

by MassisPost

Եւրոպական Խորհուրդի ղեկավար Շարլ Միշէլը յաջորդ շաբաթ` Ապրիլ 6-ին, Պրիւքսէլի մէջ պիտի հիւրընկալէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները, Թուիթըրով գրած է Շարլ Միշէլի խօսնակը:

Եւրոպացի բարձրաստիճան դիւանագէտներէն մէկը անանուն մնալու պայմանով փոխանցած է, որ առաջնորդները պիտի գնահատեն այն զարգացումները, որոնք տեղի ունեցած են իրենց վերջին հանդիպումէն յետոյ, եւ պիտի քննարկեն հետագայ ուղիները` հասնելու անվտանգ, կայուն ու բարգաւաճ Հարաւային Կովկասի` ի շահ տարածաշրջանին մէջ ապրող ժողովուրդներուն:

Կը նշուի, որ ուշադրութեան կեդրոնին պիտի ըլլայ յատկապէս հաղորդակցութեան հարցը:

Հայաստանի ու Ատրպէյճանի առաջնորդները վերջին անգամ բանակցած էին մօտ մէկ ամիս առաջ` Եւրոպական Խորհուրդի ղեկավար Շարլ Միշէլի եւ Ֆրանսայի նախագահին նախաձեռնութեամբ ու մասնակցութեամբ: Հանդիպումը անցած էր հեռավար ձեւաչափով. ըստ պաշտօնական հաղորդագրութիւններու` կողմերը շարունակած էին Դեկտեմբերին Պրիւքսէլի մէջ սկսած երկխօսութիւնը՝ հաղորդակցութեան ուղիներու եւ մարդասիրական համագործակցութեան շուրջ: Այդ բանակցութիւններէն յետոյ ատրպէյճանական կողմը վերադարձած էր եւս 8 հայ գերի:

Աւելի ուշ, Հայաստանի վարչապետը խորհրդարանին մէջ յայտնած էր, որ ձեռք բերուած է նաեւ պայմանաւորուածութիւն Երասխ-Ճուլֆա-Մեղրի-Հորատիզ երկաթգիծի վերականգնման մասին:

Անցեալ շաբաթ, սակայն, երբ Ատրպէյճանը կրկին ընդհատեց Ղարաբաղի կազամատակարարումը, զինուած ուժերն ալ, հրադադարի կոպիտ խախտումներով, յառաջխաղացման գացին Փառուխ գիւղի հատուածին մէջ, Հայաստանի վարչապետը կառավարութեան նիստին յայտնեց, որ Պաքուն ամէն ինչ կ’ընէ «արցախահայերի կեանքն իրենց հայրենիքում անհնար դարձնելու, ցեղային զտումների քաղաքականութիւնը աւարտին հասցնելու համար»:

«Վերջին մի շարք իրադարձութիւններից յետոյ մենք այդպէս էլ չհասկացանք` Ատրպէյճանն ուզո՞ւմ է տարածաշրջանային հաղորդակցութիւնների բացում, թէ՞ ոչ: Եթէ ուզում է, մեր առաջարկները շարունակում են ուժի մէջ մնալ, եւ մենք պատրաստ ենք դրանց իրագործմանը անցնել որեւէ պահի», ըսած էր Նիկոլ Փաշինեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment