Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատրպէյճանը Հող Կը Նախապատրաստէ Լեռնային Ղարաբաղի Ուղղութեամբ Նոր Սադրանքներու Համար. Անվտանգութեան Խորհուրդ

Ատրպէյճանը Հող Կը Նախապատրաստէ Լեռնային Ղարաբաղի Ուղղութեամբ Նոր Սադրանքներու Համար. Անվտանգութեան Խորհուրդ

by MassisPost

Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդը քննարկած է Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած անվտանգային իրավիճակը` զայն գնահատելով խիստ լարուած:

Անվտանգութեան Խորհուրդը նշած է, որ իրադրութեան վերլուծութիւնը ցոյց կու տայ, որ Ատրպէյճանը, փորձելով գտնել մտացածին հիմնաւորումներ, հող կը նախապատրաստէ Լեռնային Ղարաբաղի ուղղութեամբ նոր սադրանքներ եւ յարձակում սկսելու համար, այդ շարքին` Հայաստանը մեղադրելով խաղաղութեան պայմանագրի հարցով ապակառուցողական գործողութիւններու մէջ:

Անվտանգութեան Խորհուրդը եւս մէկ անգամ վերահաստատելով Հայաստանի աւելի վաղ հնչեցուցած դիրքորոշումը, Ատրպէյճանին կ’առաջարկէ անյապաղ բանակցութիւններ սկսիլ համապարփակ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ:

«Անվտանգութեան Խորհուրդը, միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրելով Լեռնային Ղարաբաղում եւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին ռազմական բախումների հնարաւորութեան վրայ, անհրաժեշտ է համարում միջազգային զսպման մեխանիզմների գործարկումը` տարածաշրջանում նոր ռազմական մագլցողութիւն եւ ցեղային զտում թոյլ չտալու համար», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment