Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Ուժային Կառոյցներու Ղեկավարներուն Մասնակցութեամբ Աշխատանքային Խորհրդակցութիւն Կատարած Է

Արցախի Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Ուժային Կառոյցներու Ղեկավարներուն Մասնակցութեամբ Աշխատանքային Խորհրդակցութիւն Կատարած Է

by MassisPost

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան ուժային կառոյցներու ղեկավարներուն մասնակցութեամբ աշխատանքային խորհրդակցութիւն կատարած է` նուիրուած շփման գիծի վերջին զարգացումներուն:

Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի Տեղեկատուութեան Գլխաւոր Վարչութենէն:

Մարտավարական իրադրութեան վերաբերեալ զեկուցմամբ հանդէս եկած է Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Կամօ Վարդանեանը:

Երկրին ղեկավարը մէկ անգամ եւս նշած է, որ Արցախի իշխանութիւններու օրակարգին մէջ Հանրապետութեան մէջ կայունութեան ապահովումն է: Նախագահին խօսքով` Արցախի զինուած ուժերուն եւ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմին միջոցով, ինչպէս նաեւ դիւանագիտական հնարաւոր մեխանիզմներով կը շարունակուին գործադրուիլ բոլոր ջանքերը խաղաղութիւն ապահովելու եւ շփման գիծի արեւելեան հատուածէն ատրպէյճանական զօրքերը ելման դիրքեր վերադարձնելու համար:

Հանդիպման ընթացքին նախագահ Յարութիւնեան շարք մը յանձնարարականներ տուած է երկրի պաշտպանութեան կազմակերպման եւ ուժային մարմիններու միջեւ փոխգործակցութեան վերաբերեալ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment