Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանական Կողմը Խողովակը Նորոգելու Ատեն Կազատարին Վրայ Փական Տեղադրած է. Արցախի Իշխանութիւններ

Ատրպէյճանական Կողմը Խողովակը Նորոգելու Ատեն Կազատարին Վրայ Փական Տեղադրած է. Արցախի Իշխանութիւններ

by MassisPost

Երկուշաբթի կէսգիշերը անց Արցախի մէջ կազամատակարարումը կրկին խափանուած է:

Արցախի իշխանութիւնները կը վստահեցնեն, որ ունին բաւարար հիմքեր պնդելու, որ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող հատուածին մէջ կազատարին վրայ փական տեղադրուած է, որմէ յետոյ կէսգիշերը անց պարզապէս փակած են Արցախի 100 հազար բնակիչին սպասարկող խողովակը:

Արցախի նախագահի մամուլի քարտուղար Լուսինէ Աւանեսեան ըսաւ, որ եթէ փականի տեղադրման վերաբերեալ ապացոյցներու հիմքերը չըլլային, նման յայտարարութիւն չէր տարածուեր:

Առանց փակագիծերը բանալու, Արցախի իշխանութիւնները կը վստահեցնեն, որ Մարտ 8-ի պայթումէն յետոյ ատրպէյճանական կողմը խողովակը նորոգած ատեն զայն բացած ու փակելու յարմարանք տեղադրած է, նախորդ գիշեր արդէն կազապատակարարումը դադրեցնելու համար այլեւս պայթումի կարիք չկար:

Աւանեսեանը հաղորդեց, որ իրավիճակին մասին տեղեկացուած է ռուս խաղաղապահներու հրամանատարութիւնը, որ կը բանակցի կազամատակարարման վերականգնման համար. «Փորձում ենք կարգաւորել խնդիրը: Առայժմ յառաջընթաց չկայ այդ առումով»:

Դեռ մինչեւ կազամատակարարման դադրեցումը Արցախի մէջ վատ եղանակի պատճառով քանի մը օրով փակած էին մանկապարտէզներն ու դպրոցները: Ինչպէս Հայաստանի տարածքին, այնպէս Արցախի մէջ, օրեր շարունակ առատ տեղումներ էին, կային անանցանելի ճանապարհներ: Արցախի մէջ դեռ ձմեռնային եղանակ է, ինչ որ աւելի կը բադարցնէ տուներու եւ բնակարաններու ջեռուցումը:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment