Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Երեւանը Անթոյլատրելի կը Համարէ «Արցախահայութեան Նկատմամբ Կանոնաւոր Բռնութեան Աղաղակող Քաղաքականութիւնը»

Երեւանը Անթոյլատրելի կը Համարէ «Արցախահայութեան Նկատմամբ Կանոնաւոր Բռնութեան Աղաղակող Քաղաքականութիւնը»

by MassisPost

Ատրպէյճանը միտումնաւոր կերպով կը խաթարէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կենսական նշանակութիւն ունեցող ենթակառուցուածքներու բնականոն աշխատանքը, ինչ որ ակնյայտօրէն կը յանգեցնէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական ճգնաժամի ստեղծման, կը յայտարարէ պաշտօնական Երեւանը:

«Անթոյլատրելի ենք համարում արցախահայութեան նկատմամբ կանոնաւոր բռնութեան այս աղաղակող քաղաքականութիւնը: Ստեղծուած իրավիճակը հրատապ է դարձնում մարդասիրական ճգնաժամի կանխման նպատակով միջազգային հանրութեան յստակ արձագանգը, ինչպէս նաեւ միջազգային մարդասիրական կառոյցների անյապաղ եւ անխոչընդոտ ներգրաւուածութիւնը Լեռնային Ղարաբաղում», ըսուած է Արտաքին Գործերու Նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

Շուշի քաղաքի մօտակայքին` ատրպէյճանական վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքին  մէջ, կրկին խափանուած է Հայաստանէն բնական կազի մատակարարումը Լեռնային Ղարաբաղ: Ցրտաշունչ եղանակային պայմաններու մէջ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ 120 հազար բնակչութիւնը զրկուած է կենսական անհրաժեշտ կազամատակարարումէն, կը յիշեցնէ արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը:

Արցախի Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը, իր հերթին, կը յայտարարէ, որ «Ատրպէյճանի պահուածքը մարդասիրական ահաբեկչութիւն է»:

«Այն կոպտօրէն խախտում է միջազգային մարդասիրական եւ միջազգային իրաւունքի կանոններն ու սկզբունքները, որեւէ ձեւով չի տեղաւորւում բարոյականութեան շրջանակներում: Այդ ստոր արարքը ատելութեան եւ ազգայնամոլութեան հերթական դրսեւորում է», կը շեշտէ կառոյցը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment