Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Թուրք Զինուորական. «Ուքրանական Գործարանը Հարուածելով` Ռուսաստան Վնաս Կը Հասցնէ Մեր Ռազմարդիւնաբերութեան»

Թուրք Զինուորական. «Ուքրանական Գործարանը Հարուածելով` Ռուսաստան Վնաս Կը Հասցնէ Մեր Ռազմարդիւնաբերութեան»

by MassisPost

Պահեստազօրի թուրք ծովակալ Ճիհատ Եայճըն անդրադարձած է ռուսական զինուժին կողմէ ուքրանական օդանաւերու կազաթուրպինային շարժիչներ արտադրող «Զօրիա Մաշփրոյեքթ» գործարանը հարուածելու թեմային: Եայճըն նկատած է, որ այս հարուածները ուղղակիօրէն կը վնասեն Թուրքիոյ ռազմական արդիւնաբերութեան, քանի որ թրքական կողմը պայմանագիր ունի այդ գործարանին հետ, կողմերը այնտեղ պիտի համատեղ արտադրէին շարժիչներ թրքական նաւերու, ուղղաթիռներու, օդանաւերու եւ անօդաչու թռչող սարքերու համար:

Ըստ ծովակալին, այս եւ քանի մը այլ ընկերութիւններու հետ միասին սկսելիք այդ արտադրութիւնը շատ կարեւոր էր Թուրքիոյ համար, քանի որ սեփական ռազմարդիւնաբերութեան մէջ զգալի յաջողութիւններ արձանագրած Թուրքիան տակաւին չի կրնար սեփական օդանաւերու շարժիչները արտադրել:

Եայճըն, ակնարկելով, որ գործարանին հասցուած հարուածները կրնան նաեւ Թուրքիոյ ուղղուած ուղերձ ըլլալ, յիշեցուցած է, որ թրքական կողմը Ուքրանիոյ մատակարարած էր 12 միաւոր «Պայրաքթար»  հարուածային անօդաչու թռչող սարք ու պայմանագիր կնքած էր եւս 24 միաւոր մատակարարելու վերաբերեալ:

Ըստ այդ թուրք զինուորականին, որքան ալ թրքական կողմը յայտարարէ, որ մատակարարումը կատարուած է մասնաւոր ընկերութեան կողմէ, միեւնոյնն է, այդ կը դիտարկուի որպէս թրքական ազգային արտադրանք:

Եայճընի կարծիքով, ժամանակաւորապէս չեն կրնար իրացուիլ նաեւ թրքական «Ասելսան» ռազմարդիւնաբերական ընկերութեան ու «Ուքրսփեցէքսփորթ»ի, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ օդագնացութեան ու տիեզերագնացութեան ընկերութեան եւ Ուքրանիոյ ազգային օդագնացութեան համալսարանին միջեւ կնքուած պայմանագրերը, ըստ որոնց՝ կը նախատեսուէր օդանաւերու շարժիչներու համատեղ արտադրութիւն:

Թուրք բարձրաստիճան սպան, նշելով, որ իրենք Ռուսաստանի հետ ալ համագործակցութիւն ունին պաշտպանական արդիւնաբերութեան, ըսած է, որ այժմ արդէն հնարաւոր պիտի չըլլայ նաեւ նախապէս որպէս այլընտրանք դիտարկուող ռուսական «Սու-35» ու «Սու-57» ռազմական օդանաւերու գնումը, քանի որ առանց այդ ալ արդէն «Ս-400»-ներու պատճառով իրենք յայտնուած են պատժամիջոցներու գլխացաւի մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment