Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ընդհանուր Առմամբ, Հայաստանի Բնակչութիւնը Կը Փափաքի Կարգաւորել Յարաբերութիւնները Թուրքիոյ Հետ. Միրզոյեան

Ընդհանուր Առմամբ, Հայաստանի Բնակչութիւնը Կը Փափաքի Կարգաւորել Յարաբերութիւնները Թուրքիոյ Հետ. Միրզոյեան

by MassisPost

Երեւանը Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ ընթացող կարգաւորման գործընթացը դրական կը գնահատէ: Անթալիոյ դիւանագիտական համաժողովի ծիրին մէջ «Անատոլու» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ ըսած է Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան:

Նախարարը նկատած է, որ Անթալիա այցելած եւ մասնակցած է դիւանագիտական համաժողովին` եւս մէկ անգամ վերահաստատելու Հայաստանի կառավարութեան քաղաքական կամքը` Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու լիարժէք կարգաւորման հասնելու եւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղ եւ կայուն զարգացման դարաշրջան բանալու վերաբերեալ:

«Հայաստանը պատրաստ է Թուրքիայի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնների հաստատմանն ու սահմանների բացմանը: Ուրախ էի իմ թուրք գործընկերոջից լսել, որ իրենց կողմից նոյնպէս կայ քաղաքական կամք` գործընթացը տանելու այդ նպատակին: Կարծում եմ` հիմա, երբ իրադարձութիւններն աշխարհում շատ արագ են զարգանում, մենք չպէտք է վարանենք յստակ քայլեր ձեռնարկել», ըսած է Միրզոյեանը:

Հարցին` որո՞նք են կարգաւորման գործընթացի օգուտները հայ եւ թուրք ժողովուրդներուն համար, Արարատ Միրզոյեան պատասխանած է. «Մարդիկ արդէն իսկ օգտւում են Երեւան-Սթամպուլ ուղիղ չուերթներից: Սահմանների բացումն իր դրական ազդեցութիւնը կ’ունենայ երկու երկրների միջեւ հաղորդակցութեան, առեւտրատնտեսական յարաբերութիւնների, մարդկանց միջեւ շփումների եւ, ընդհանրապէս, տարածաշրջանում կայունութեան վրայ»:

Նախարարին ներկայացմամբ` ընդհանուր առմամբ, Հայաստանի բնակչութիւնը կը փափաքի կարգաւորել յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ: Անոր խօսքով` այդ արտացոլուած է նաեւ հասարակական կարծիքի վերաբերեալ հարցումներուն մէջ:

«Ի հարկէ, ե՛ւ հայկական, ե՛ւ թուրքական հասարակութիւններում կան խմբեր, որոնք, այսպէս ասեմ, թերահաւատօրէն են վերաբերւում այս գործընթացին: Երկու կողմերի պաշտօնեաները պէտք է քաղաքական առաջնորդութիւն ստանձնեն այս խնդիրները հասցէագրելու ուղղութեամբ», շեշտած է ան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment