Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Պատժամիջոցներու Պայմաններուն Մէջ Մոսկուայէն Արտասահման Մեկնողները Կը Գերադասեն Թուրքիան Եւ Հայաստանը

Պատժամիջոցներու Պայմաններուն Մէջ Մոսկուայէն Արտասահման Մեկնողները Կը Գերադասեն Թուրքիան Եւ Հայաստանը

by MassisPost

Մոսկուայէն արտասահման մեկնելու համար ամրագրած տոմսերը կը վկայեն, որ Հայաստանը ռուսաստանցիներու նախընտրած երկիրներէն մէկն է: Մարտի կէսերուն մէկ ուղղութեամբ Մոսկուայէն դուրս մեկնելու համար դէպի Թուրքիա ամրագրուած է ընդհանուր արժէքով 38,5 հազար ռուպլիի, իսկ դէպի Հայաստան` 27,1 հազար ռուպլիի տոմսեր:

Միւս ուղղութիւնները Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներն են` Ուզպեքստան, Ղրղըզստան, Տաճիկստան: Այդ երկիրներ մեկնելու համար ամրագրուած տոմսերը համեմատաբար քիչ են` 15 հազարէն մինչեւ 21,5 հազար ռուպլի:

Տուեալները կը վերաբերին Մարտ 10-16-ին տոմսերու որոնման ու ամրագրման, որոնց թռիչքները նախատեսուած են յառաջիկայ չորս շաբաթներու ընթացքին:

Նշենք, որ պատժամիջոցներու պատճառով Ռուսաստանէն արտասահման մեկնելու հնարաւորութիւնները խիստ սահմանափակուած են: Եւրոմիութիւնը, Բրիտանիան, Գանատան եւ ԱՄՆ-ն փակած են իրենց օդային տարածքը ռուսական օդանաւերու համար: Փետրուար 26-ին Եւրոմիութեան ընդունած պատժամիջոցները լիզինկային ընկերութիւններուն պարտադրած են խզել պայմանագրերը ռուսական ընկերութիւններուն հետ եւ ետ կանչել լիզինկով անոնց տրամադրած օդանաւերը:

Ռուսական օդանաւերը ստիպուած թռիչքներ կը կատարեն իրենց համար բաց երկիրներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment